ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի «Լը Տոֆեն» պարբերաթերթին տուած է հարցազրոյց մը, ուր յայտնած է իր լուրջ անհանգստութիւնը Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ որդեգրուած ընթացքին կապակցութեամբ։
Ազնաւուր յայտարարած է. «Նախագահ Սարքոզի որոշ կերպով ուրացած է ընտրութիւններու ընթացքին իր տուած խոստումները։ Սխալ է ատիկա, քանի որ Ֆրանսայի հայ համայնքը՝ թրքական համայնքին համեմատ՝ կը ներկայացնէ զգալի թիւ։ «Հայ ժողովուրդը պատասխանատու է եւ համարձակ։ Ան արիւն տուած է իր երկիրին համար։ Առաջին անգամ է, որ ես կը խօսիմ այս մասին, բայց եթէ նախագահը չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, ես պիտի օգտուիմ հայութեան ձայներէն, երբ ժամանակը գայ», յայտնած է Ազնաւուր:
Ազնաւուր շարունակած է. «Ֆրանսայի մէջ առնուազն 400,000-500,000 հայ կ՛ապրի։ Հայկական ծագում ունեցող իւրաքանչիւր ֆրանսացի կ՛աջակցի ինծի։ Եթէ այսպէս շարունակուի, ես ամբողջովին կը նուիրուիմ այս գործին։ Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, բայց ունիմ քաղաքական զգալի ներուժ։ Ես գիտեմ, որ կը վտանգեմ իմ կեանքը այսպէս խօսելով։ Բայց իմ տարիքիս, վերջ ի վերջոյ, ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ կեանքը վտանգի տակ դնել»։
Ազնաւուր նաեւ կոչ ուղղած էր Իսրայէլի, որ պաշտօնապէս ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։