ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երբ ԱՄՆ 9րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը երեք դատաւորներու կազմով կայացուց որոշում մը, ըստ որուն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները կրնան փոխհատուցում պահանջել Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած ապահովագրական ընկերութիւններէն, գերմանական ընկերութիւնները միջնորդութիւն ներկայացուցին այդ նոյն դատարանին՝ լրիւ կազմով վերաքննութիւն իրականացնելու համար:
Հզօր փաստաբաններու համար հսկայական գումարներ ծախսելու փոխարէն, գերմանական ապահովագրական ընկերութիւնները պէտք է անյապաղ լուծեն այս դատական վէճը եւ հասանելի փոխհատուցումները վճարեն ապահովագիրներու տէրերուն՝ հայ նահատակներու ժառանգորդներուն: Օսմանեան կայսրութեան շատ հայ բնակիչներ հաւատացած են այդ եւրոպական ընկերութիւններուն եւ պարտաճանաչ կերպով կատարած են իրենց մուծումները, որպէսզի իրենց մահէն ետք իրենց ընտանիքները ապահովագրութիւններէն վճարումներ ստանան:
Այս դատական հայցը ոչ մէկ առնչութիւն ունի դաշնային կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման կամ նահանգներու իրաւունքներուն հետ՝ Ուաշինկթընի ընդդէմ: Գերմանական ընկերութիւնները խախտած են իրենց պայմանագրային համաձայնագիրները եւ չեն կատարած հայ տէրերուն տուած իրենց խոստումները: Ժառանգորդները իրաւասու են ստանալու իրենց խոստացուած գումարները, անկախ այն բանէն, թէ որո՞նք սպաննած են իրենց նախնիներուն՝ ցեղասպան մոլագարնե՞րը, թէ յարբած վարորդները: Միակ կարեւոր հարցը այն է, որ անոնց մահէն ետք, պէտք է անյապաղ վճարուէին անոնց ժառանգորդները՝ կեանքի ապահովագիրներու պայմաններուն համապատասխան:
Ատոր փոխարէն, գրեթէ մէկ դար շարունակ գերմանական ընկերութիւնները խուսափած են իրենց ֆինանսական պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ թրքական ժխտողական քարոզարշաւը անամօթաբար օգտագործած են իբրեւ ծածկ: Անոնց իրաւաբանները նոյնիսկ մէջբերումներ ըրած են Թուրքիոյ դեսպանատան կայքին վրայ տեղադրուած Ցեղասպանութիւնը ժխտող նիւթերէ: Եթէ այս ընկերութիւնները հրեաներու Հոլոքոսթը ժխտող նման գործունէութիւն մը ծաւալէին եւ մէջբերումներ ընէին նէո-նացիստական կայքերէ, ապա 24 ժամուան ընթացքին անոնք սնանկացած կ՛ըլլային:
Փաստաբանները կը պնդեն, որ իբրեւ թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը «մեծ վնաս պիտի հասցնէ Ամերիկայի ազգային շահերուն»: Անհեթեթութիւն է, որ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւնները այսպիսի անհիմն փաստարկներ կ՛օգտագործեն, որպէսզի շարունակեն հարստանալ: Այս երկրի շահերուն պաշտպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պարտաւորութիւնն է, եւ ոչ թէ այդ գերմանական ընկերութիւններունը:
Գերմանական ընկերութիւններուն փաստաբանները իրենց բողոքին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին փաստաթուղթերու թուարկման սկսան խորամանկօրէն միայն ամերիկեան վերջին երեք նախագահներուն յղումներ կատարելով, քանի որ անոնց պաշտօնավարութեան ընթացքին Ներկայացուցիչներու պալատը նոր բանաձեւեր չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Բարեբախտաբար, Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը 2000 թուականին չի սկսիր: Փաստաբաններուն շատ ձեռնտու էր անտեսել այն իրողութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951ին, Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ներկայացուցած իր մէկ փաստաթուղթով: Այդ ժամանակէն ի վեր, Ներկայացուցիչներու տունը երկու անգամ՝ 1975ին եւ 1984ին, բանաձեւեր ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին վերաբերեալ, իսկ 1981ին նախագահ Ռեկընը նախագահական հռչակագիր ընդունեց՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բացի ատկէ, վերջին 50 տարիներուն ընթացքին, Ամերիկայի 42 նահանգները եւ ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դաշնակցային կառավարութիւնը երբեք չէ առարկած կամ անհամաձայնութիւն չէ յայտնած այս գործողութիւններէն որեւէ մէկուն կապակցութեամբ: Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի բխիր Միացեալ Նահանգներու շահերէն, ինչպէս որ կը պնդեն այդ փաստաբանները, ապա նախագահ Ռեկընը, ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը, Ներկայացուցիչներու տան՝ Ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին քուէարկած հարիւրաւոր անդամներ, 42 նահանգներու հազարաւոր օրէնսդիրներ, բազմաթիւ քաղաքապետներ ու նահանգապետներ պէտք է համարուին հակա-ամերիկեան:
Իրականութեան մէջ, այս պատմական հաստատումները աւելի շատ կ՛առնչուին սոյն գործին, քան Միացեալ Նահանգներու վերջին երեք նախագահներու՝ քաղաքական դրդապատճառներով պայմանաւորուած բարոյազուրկ յայտարարութիւնները: Երբ 2000ին Քալիֆորնիոյ նահանգը օրէնք ընդունեց՝ երկարաձգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու պահանջներուն վերաբերող օրէնքով նախատեսուած սահմանափակումը, ատիկա կատարուեցաւ տուեալ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան լայն ճանաչման փաստին հիման վրայ: Այդ ժամանակէն ի վեր, այս պատմական փաստը հակասող ոչ մէկ նոր բանաձեւ ընդունուած է եւ անոր դէմ ոչ մէկ քուէ տրուած: Միացեալ Նահանգներու ոեւէ պաշտօնեայ երբեք չէ ժխտած Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմատացիութիւնը: Իրականութեան մէջ, վերջին երեք նախագահներու պաշտօնավարութեան օրօք, Ցեղասպանութեան փաստը զգալիօրէն ամրապնդուած է, երբ Ներկայացուցիչներու տան իրերայաջորդ յանձնաժողովները, առնուազն չորս անգամ՝ 2000, 2003, 2007 եւ 2010 թուականներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւեր ընդունեցին:
Գերմանական ընկերութիւններու բողոքարկման մէջ ամէնէն զաւեշտալին այն է, որ փորձելով արդարացնել իրենց անպատասխանատու վարմունքը՝ անոնք յղումներ կատարած են տողերուս հեղինակին՝ իբրեւ «հեղինակութիւն», մէջբերելով յօդուածներէս մէկը, ուր ես կը քննադատեմ նախագահ Օպաման՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «Մեծ Եղեռն» յիշատակելուն համար: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանը նոյնպէս կը նշուի իբրեւ «հեղինակութիւն»: Ան նոյնպէս դժգոհութիւն յայտնած էր Օպամայի կողմէ այդ եզրը օգտագործուելուն համար: Նախագահ Օպամային բառերու ընտրութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի այն փաստին հետ, որ այս (գերմանական) ընկերութիւնները խաբած են իրենց հայ յաճախորդները եւ անոնց ժառանգորդները՝ չվճարելով անոնց իրաւունքը նկատուող գումարները:
Հասած է ժամը, երբ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւնները, բողոքարկելու փոխարէն՝ դադրին խաղեր խաղալէ իրենց նահատակուած յաճախորդներու օրինական հայցերուն հետ, եւ անոնց ժառանգորդներուն անյապաղ վճարեն իրենց ունեցած պարտքը:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր