Մեծագոյն Աղքատութիւնը
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու պարագային, չլուծուող հարցերէն մէկն է աղքատութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ չկայ երկիր, յատկապէս ներկայ տնտեսական տագնապի ժամանակներուն, ուր մուրացկաններ չգտնուին: Այդ մարդոց կարելի է հանդիպիլ ամէնուրեք՝ փողոցներուն մէջ, մայթերուն վրայ, հսկայ շուկաներու մուտքին թէ խճողումով կղպուած մայրուղիներու վրայ կանգնած ինքնաշարժներու ապակիներով կազմուած արահետներուն մէջ: Անոնցմէ «պատուաւորներ»ը առհասարակ ծախու ապրանք ունին մատուցելիք անցորդին՝ ծամօն, սիրուած շուկայիկ երգիչներու ձայնասկաւառակներ, վիճակահանութեան կանխաւ թուագրուած տոմսեր, ինքնաշարժերու մէջ շատ գործածական իրեր, հոտաւէտ իւղեր եւ ոչ թանկարժէք անուշահոտեր: Այդ մուրացիկներէն ոմանք ալ, աղքատին ողորմութիւն ցուցաբերելու աստուածավախութեան իբրեւ յուշարար՝ Քրիստոսի, Աստուածամօր ու այլ սրբոց պատկերներ կը մատուցեն, անշուշտ փոխարժէք ակնկալելով սրբապատկերը ներկայացնող էակին կամ սուրբի զօրութեան պատիւին համապատասխան նուէր:
Մուրացկանները անպայման միատեսակ կերպարով ու միօրինակ կերպով չեն մօտենար հանրութեան: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ազնուական միջոցներ որդեգրած են անցորդներէն դրամ մուրալով իրենց օրապահիկը վաստկելու: Անոնց շարքին կը գտնուին երբեմն նոյնիսկ արուեստի ճաշակ ունեցող մարդիկ, որոնք իրենց նկարչութեամբ, երաժշտական ձիրքերով՝ նուագածութիւն թէ երգ, իրենց վրայ կը հրաւիրեն անցորդներուն՝ զբօսաշրջիկներուն թէ տեղացիներուն ուշադրութիւնը:
Յատկապէս Արեւելեան, կամ երրորդ աշխարհեան երկիրներու փողոցներուն վրայ ցաւալի է անշուշտ տեսնել մանկամարդ աղջիկներ ու անչափահաս փոքր տղաք, որոնք իրենց կանուխ տարիքէն այս «ասպարէզ»ին անդամագրուած կ՛ըլլան, արհեստավարժ պաշտօնեաները դառնալով փողոցին, ուր ամէն տեսակի թուք ու մուր կը քսուի իրենց մատղաշ դէմքի փափուկ մորթին: Զարմանք կը պատճառէ երբեմն տեսնել, որ նոյնիսկ արբունքի տարիքը թեւակոխած աղջիկներ, առանց ամչնալու իրենց հասակէն ու կազմէն, ափեր կÿերկարեն կոկիկ հագուած երիտասարդներու, ողորմելի նայուածքներ նետելով անոնց աչքերուն:
Դարձեալ երրորդ աշխարհեան երկիրներու փողոցներուն վրայ ցաւով կը նկատուի ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքի մէկ այլ թշուառներուն՝ հաշմանդամներուն, որոնք երբեմն իրենց մարմնին վտիտ մասերը՝ հալած սրունքները կամ անճոռնի ծամածռութեամբ բազուկներու տգեղութիւնները դրամագլուխի վերածած, զանոնք հանրութեան ցուցադրելու յատուկ ճիգ կը թափեն, ականատեսին գթասրտութեան անմիջական անդրադարձը եղող նիւթական որեւէ օժանդակութիւնը ակնկալելով:
Հակառակ յառաջդիմող աշխարհին, ու մարդուն կողմէ կատարուող գիտական մեծ նուաճումներուն, մարդկութեան ճակատին կնքուած մնայուն խարան ու աղուեսադրոշմ պիտի մնայ ընկերութեան կեանքին այս տխուր երեւոյթը՝ աղքատութիւնը, ընկերային կեանքի անհաւասարութեան հետեւանքով:
Ութ, քսան եւ ապագային դեռ աւելի թիւով ճարտարարուեստի մէջ յառաջդիմած պետութիւններ, տարեկան իրենց հանդիպումներով լուծումներ կ՛որոնեն հաւասարապէս կարենալ բաժնելու աստուածապարգեւ հարստութիւնը աշխարհի, բոլոր երկիրներուն միջեւ: Բնական հարստութիւնները, որոնք երբեմն տնտեսապէս աղքատ երկիրներու հողին վրայ կը գտնուին, հարստահարութեան կեր պէտք չէ՛ դառնան, ո՛չ ալ հարուստ երկիրներու քաղաքական խաղերուն բերմամբ կողոպտուին կամ իւրացուին:
Հարստութեան ու աղքատութեան ստեղծած երկպառակութիւնը համայն աշխարհի մէջ, պարզապէս խորհրդանշական պատկերը կրնայ հանդիսանալ հոգեկան հարստութեան եւ աղքատութեան գաղափարին:
Հոգեպէս հարուստ մարդիկ անպայման երջանիկ չեն ըլլար: Կրնան զանազան առաքինութիւններ ունենալ, որոնք իրենց բարոյական կեանքը բարձր դիրքի վրայ կը դնեն, սակայն ատիկա պայման չէ՛ որ անոնք խաղաղ հոգիի տէր ըլլան: Օրինակ, հոգեպէս հարուստ է այն մարդը, որ իսկապէս բարեգործ է, ու օգտակար կը հանդիսանայ իրմէ աւելի դժբախտ մարդոց: Բայց իր այդ արարքը եթէ մէկ կողմէ բաւարարութիւն կու տայ իր հոգիին, միւս կողմէ կարողութիւն չունի անպայման իր միտքը խաղաղեցնելու զինք տանջող այլեւայլ մտահոգութիւններէ:
Հոգեպէս հարուստ մարդն ալ պէտք ունի մեծագոյն հարստութեան՝ յոյսին, խաղաղեցնելու համար իր հոգին: Յոյսն է մեծագոյն հարստութիւնը մարդուն, որ նոյնիսկ կրնայ անձնասպանութեան դիմող անձին ձեռքերն ու ոտքերը կապել եւ արգելք հանդիսանալ անոր, որ ետ կենայ իր ոչ Աստուածահաճոյ արարքը գործելու մտադրութենէն: Յոյսի հարստութենէն զուրկ մարդն է իսկական աղքատը: Հացի ու ջուրի անօթութենէն ու պապակէն աւելի մեծ անսուաղութիւն կարելի է նկատել յոյսի քաղցն ու ծարաւը:
Յոյսը կեանք է: Լիբանանցի իմաստասէր-գրագէտ Ժպրան Խալիլ Ժպրան, կը գրէ. «Եթէ երազի շշնչիւնը լսես, թերեւս ուրիշ ոչ մէկ ձայնի ականջ տաս»: Կ՛ըսուի նաեւ, թէ պատերազմական գերիներէն անոնք որոնք մտքով ապագայ ազատութեան կը կառչին առանց յուսահատելու, ընդհանրապէս անոնք կը վերապրին գերութենէն:
Շատ լսուած է նաեւ այնպիսի անբուժելի հիւանդներու մասին, որոնք թէեւ իրենց բժիշկներէն մահուան վկայագիր ստացած են, սակայն տուն երթալով տակաւին մի քանի տարիներ պայքարած են հիւանդութեան դէմ, բարձր պահելով ապրելու իրենց յոյսը:
Հոն ուր յոյս չկայ, այնտեղ դժուար է կեանք գտնել: Յուսահատիլը ամէնէն դիւրին միջոցն է խնդիրներէն հեռանալու, սակայն ատիկա մեզի միայն անելի կը մատնէ եւ ոչ թէ լուծում կը բերէ: Ամէն ինչէ հրաժարիլը եւ կրաւորականօրէն սպասելը որ ամէն ինչ իր բնականոն հունին մէջ մտնէ, դարձեալ դրական լուծում չէ կեանքի մէջ ի յայտ եկած հարցերուն: Իսկ յուսալը, ընդհակառակը դրական քայլ առնել է, որուն միջոցաւ կրնանք գտնել այն ինչ որ կեանքը վերապահած է մեզի համար իր օրերու ծալքին մէջ:
Մարդիկ կրնան մտածել որ վերոյիշեալները ճիշդ ըլլալով հանդերձ, կեանքի մէջ պարագաներ կան, որոնք մեր հակակշռէն վեր են: Մտահոգութիւնը տեղին է, սակայն ոչ համոզիչ: Որովհետեւ ամէն կացութեան մէջ մարդ անպայման որոշ չափով իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել, դրական թեքում տալու եւ հարցին լուծման ներդրում կատարելու գծով: Ա՛յս է որ յոյսէն կու գայ եւ յոյսին ծնունդ կու տայ:
Մեծագոյն աղքատութիւնը, հետեւաբար, դրամի պակասութիւնը չէ, ո՛չ ալ այլ ինչքերու ու հարստութեանց: Մարդկային կեանքի մեծագոյն աղքատութիւնը յոյսի՛ պակասն է, առանց որուն չկայ կեանք, չկայ մարդ, չկայ մտքի շարժում: