ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Յունուար 27ին, Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը ունեցած է ՀՀ Զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ: Նախագահը յանձնարարած է խիստ հետեւողական մօտեցում ցուցաբերել բոլոր այն գործերու քննութեան նկատմամբ, որոնք յարուցուած են զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն հետեւանքով:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 27ին, նախագահական նստավայրին մօտ հաւաքուած էին զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու ժամանակ զոհուածներու հարազատներ, որոնք իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնէին յարուցուած գործերու ընթացքին վերաբերեալ: Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած խորհրդակցութենէն ետք, լրագրողներու հարցերուն պատասխանած է Զինուորական նորանշանակ դատախազ Գ. Կոստանեան եւ ըսած. «Բոլոր գործերն ունեն առանձնայատկութիւններ՝ թէ՛ ընթացակարգերի, թէ՛ ժամկէտների առումով, այդ պատճառով ալ, պէտք է ուսումնասիրուեն առանձին-առանձին: Զոհերի հարազատներից իւրաքանչիւրին զինդատախազութիւնում պատրաստ են ընդունել: Հէնց այդ ժամանակ էլ գործերն ամբողջ ծաւալով կը դառնան քննութեան առարկայ: Ամենակարեւորն այն է, որ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի նաեւ իր փաստաբանի հետ ներկայանալ եւ իր փաստարկները ներկայացնել, իսկ քոնքրեթ զեկուցող կամ գործի նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազը, այդ թւում, ներկայացնելու է իր դիրքորոշումը եւ քրէական գործի շրջանակներում իր կողմից ձեռք բերուած ապացոյցները»:
Գ. Կոստանեան աւելցուցած է, որ «ցանկացած ծնող, որ զաւակ է կորցնում, գործի քննութեան արդիւնքում ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար չհամարելու բարոյական եւ օպյեքթիւ իրաւունք ունի, իսկ իրաւասու օղակները պէտք է փորձեն անել առաւելագոյնը՝ նրանց այդ զգացումը փարատելու համար», յայտնած է Գ. Կոստանեան եւ վստահեցուցած, որ հարկ եղած պարագային, վերաքննութեան պիտի ենթարկուին նոյնիսկ դատական վճիռ ստացած գործերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.