ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) համակարգող Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ Փետրուար 18ին, 2008ի նախագահական ընտրութիւններու երեք ամեակը լրանալու նախօրէին, ՀԱԿը հանրահաւաք պիտի կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ։
Զուրաբեանի խօսքով, նշեալ օրը պիտի խօսուի բոլոր այն խնդիրներուն մասին, որոնք կը յուզեն ժողովուրդը, ինչպէս՝ արատաւոր համակարգը, անցած երեք տարիներու ընթացքին թոյլ տրուած գործողութիւնները եւ այն սկզբունքները, որոնցմով կը գործէ սոյն համակարգը:
Բանախօսը նաեւ նշեց, որ ՀԱԿը տակաւին չէ տեղեկացուցած Երեւանի քաղաքապետարանը, բայց օրէնքով սահմանուած ժամկէտին իրազեկ պիտի պահէ զայն: Եթէ քաղաքապետարանը ի գիտութիւն չընդունի իրազեկումը, ապա ՀԱԿը համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ: «Մենք մեր քայլերն ենք անում, իրենք էլ իրենցը թող անեն», յայտարարեց ՀԱԿի համակարգողը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.