ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Փետրուար 1ին, Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութիւնը իրականացուց Իրանի հանրապետութեան Քիշ կղզիին մէջ տեղակայուած Ազատ տնտեսական գօտիի շնորհահանդէսը:
Ըստ Հայկական զարգացման գործակալութեան մամլոյ ծառայութեան, կղզիին մէջ ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ ե՛ւ իրանական, ե՛ւ արտասահմանեան ներդրողներու գործունէութեան համար: Օրէնքը կը նախատեսէ Իրանի եւ արտասահմանի քաղաքացիներու կողմէ դրամագլուխի ներդրման հնարաւորութիւն, Իրանի կողմէ դրամագլուխի ներդրումներու պահպանման երաշխաւորում, ըստ ցանկութեան՝ զանոնք ետ վերցնելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ ստացուած շահոյթը ազատ կերպով տնօրինել:
Նաեւ, սոյն օրէնքով նախատեսուած է սարքերու, փոխադրամիջոցներու, հումքի եւ շինանիւթի ազատ, առանց հարկի ներածում: Քիշ կղզին կը գտնուի Իրանի հարաւային ափէն 18 քլմ. հեռաւորութեան վրայ. անիկա ապրանք փոխադրելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ դէպի Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.