ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-Հայաստան կ՛ողջունէ Հարաւային Սուտանի մէջ եղած հանրաքուէն: Հանրաքուէի նախնական արդիւնքները, որոնք վստահաբար էապէս պիտի չտարբերին վերջնականէն, անգամ մը եւս ամրագրեցին, թէ ազատ ինքնորոշումը իւրաքանչիւր ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքն է: Գնահատելով Հարաւային Սուտանի մէջ կայացած հանրաքուէի նախնական արդիւնքները՝ այս մասին խօսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
«Հարաւային Սուտանի բնակչութեան այս ընտրութիւնը արդէն շուրջ 60 տարի՝ Մակի ստեղծումից ի վեր, տեղի ունեցող ինքնորոշման իրաւունքի յաղթարշաւի ամենաթարմ օրինակն է եւ՝ առկայ խնդիրները լուծելու ճիշդ ճանապարհ, որը միանշանակ ողջունւում է միջազգային հանրութեան կողմից:
«Յոյսով ենք, որ իր կամքի արտայայտութեամբ ընտրելով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու ուղին՝ Հարաւային Սուտանը յաջողութեան կը հասնի անկախ պետականութեան հաստատման եւ կայացման գործում», ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.