ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութիւնը Փետրուար 1ին քննարկած է «Ժամանակաւոր անաշխատունակութեան նպաստների մասին» օրէնքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն օրինագիծը, ըստ որուն, կը նախատեսուի վերացնել վարձու աշխատողի յղութեան եւ ծննդաբերութեան նպաստը հաշուարկելու համար հիմք վերցուող միջին ամսական աշխատավարձի առաւելագոյն շեմը: Բացի ատկէ, այդ փոփոխութիւններով կը վերանայուի միջին աշխատավարձը հաշուարկելու կարգը:
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, կը նախատեսուի նաեւ նպաստ վճարել տօնական ոչ աշխատանքային օրերուն համար:
Քննարկման ընթացքին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յանձնարարած է ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Արթուր Գրիգորեանին կազմակերպել հանրային քննարկում մը՝ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, նպատակ ունենալով ստանալ հասարակութեան լայն շերտերու կարծիքներն ու առաջարկները:
Նախագիծը եւ հանրային քննարկման հրաւէրը պիտի տեղադրուին ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան կայքին վրայ (www.mss.am):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.