
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ»-«Տէյլի Նիուզ»ի մէջ, Վերճիհան Զիֆլիօղլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած ընդարձակ լուրի մը մէջ դիտել կը տրուի, թէ անցեալ տարի կրթական նախարարութեան կողմէ հրատարակուած շրջաբերականին լոյսին տակ, հայկական 18 վարժարաններ սկսած են ընդունելու խառն ամուսնութիւններէ ծնունդ առած զաւակներ։ Նախապէս ասիկա կարելի չէր, որովհետեւ նախարարութիւնը հայկական վարժարանի մը մէջ արձանագրուելու համար պայման կը նկատէր հօր ու մօր հայ ըլլալը։
Լրագրողը տեսակցութիւններ ունեցած է խառն ամուսնութիւն կնքած ծնողներու հետ, որոնց զաւակները կ՛ուսանին երեք տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ։ Երկու ծնողներ իրենց անունները տալ չեն ուզած, իսկ երրորդը տուած է: Ան կը կոչուի Էլիֆ Պահարօլ. չորս տարեկան զաւակ մը ունի, որ հայկական վարժարանի մէջ կ՛ուսանի։ Թէեւ Պահարօլ այս օրերուն պիտի ամուսնալուծուի, բայց կը յայտնէ, թէ ամուսնալուծումը յառաջ կու գայ տնտեսական պատճառներէ, եւ ոչ թէ ազգութեան կամ կրօնքի խնդիրէ։ Ամուսնալուծուելէ ետք նոյնպէս, զաւակը պիտի շարունակէ ուսանիլ հայկական վարժարանի մէջ, իբրեւ հայ քրիստոնեայ զաւակ։
Այլ ծնողք մը ունի երկու զաւակ. մէկը 12 տարեկան, իսկ միւսը՝ 6. երկուքն ալ կ՛ուսանին հայկական վարժարանի մէջ։ Ուրիշ մայր մը, որ 34 տարեկան մշեցի մըն է, կը պատմէ, թէ իր ընտանիքը 1915ին իսլամութիւնը ընդունած է, բայց անոր ընտանիքը չէ ընդդիմացած, երբ որոշած է ամուսնանալ հայու մը հետ։ Ան 9 տարեկան զաւակ մը ունի եւ զաւակը ինքնութեան տագնապի մը մէջ է։

Լրատուութեան մայր գիծն այն է, որ բազմաթիւ մահմետականներ, որոնք հայու հետ խառն ամուսնութիւն կնքած են, կը հաւատան, որ իրենց զաւակը իրաւունք ունի հայկական դպրոց երթալու, հայերէն սորվելու։ Ոմանք ալ կ՛ըսեն. «Ես չկրցայ սորվիլ, գոնէ զաւակս թող սորվի»։