
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մօտ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան պետ Սամատ Սէյտով Չորեքշաբթի, Փետրուար 2ին յայտարարեց, թէ ԵԽԽՎի մէջ Ղարաբաղի հարցով զբաղող ենթայանձնաժողովը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները Եւրոպայի ծանօթացնելու գործին մէջ, եւ շեշտեց, թէ ենթայանձնաժողովը կազմելու որոշումը արդէն տրուած է ու «այսուհետեւ հարկ չկայ անոր մասին խօսելու»:
Ան նաեւ «առնուազն անտրամաբանական» համարեց ենթայանձնաժողովը մերժելու կոչերը եւ ազդարարեց, թէ Հայաստանի վարկը կրնայ տուժել, եթէ հայկական կողմը չմասնակցի ենթայանձնաժողովի աշխատանքներուն:
ԵԽԽՎի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան Երեքշաբթի օր «կասկածելի» որակած էր ենթայանձնաժողովին աշխատանքները վերականգնելու մասին ԵԽԽՎ Բիւրոյին որոշումը: Ըստ անոր, ենթայանձնաժողովը կրնայ առարկայական չըլլալ իր գործունէութեան մէջ: «Մենք չենք ուզում մասնակցել այն աշխատանքներին, որոնք ունեն ապակառուցողական բնոյթ», աւելցուցած էր ան՝ քննադատելով վեհաժողովին «ակնյայտ միակողմանի մօտեցում»ը: