ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Թողութիւն տուր, Տէ՛ր, ծանր խաւարին, միայն թէ թող նա թողնի, հեռանայ»: Պարոյր Սեւակեան (խորհրդային վարչակարգին ուղղուած) սկզբունքը կարելի՞ է գործադրել աշխարհի բոլոր միապետներուն, բռնատէրերուն հանդէպ: Կարելի՞ է ներել մարդիկ, որոնք իրենց իշխանութիւնը պահպանելու համար չեն խորշիր անմեղ մարդոց արիւնը հեղելէ:
Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաք ոսկէ առիթը փախցուց հանգիստ կերպով հեռանալու ու թերեւս արժանանալու իր ժողովուրդի ներողամտութեան… Թերեւս: Յամենայնդէպս, հիմա արդէն ուշ է: Հիմա արդէն ժողովուրդի թշնամին ըլլալու խարանով պիտի մեկնի ու այդպէս ալ պիտի մնայ յիշողութեան մէջ: Իսկ եթէ չար հրաշքով մը կարենայ կառչած մնալ իշխանութեան, ապա միայն ու միայն յաւելեալ արեան հեղումով պիտի ըլլայ այդ մէկը:
Ի՞նչ պիտի շահի Մուպարաք այս անտեղի ու ցաւագին քաշքշուքով: Ո՞վ է արդեօք իր խորհրդատուն, եւ ի՞նչ համոզիչ փաստարկներով կը փորձէ զինք մղել կառչած մնալու իր աթոռին:
Այս բոլորը կ՛անցնին, արեւմտեան երկիրները որձեւէգ վերաբերմունքով ժամանակ կու տան Մուպարաքին, որ կարենայ փոթորիկը անցընել, որմէ ետք, անգամ մը, որ բազմութիւնները տուն երթան, դիւրին է հաշուեյարդարի ենթարկել ըմբոստները եւ վերանորոգել իշխանութիւնը, մինչեւ նոր ալեկոծում, այդ ալ՝ կախեալ ըլլալով ճնշումներու արդիւնաւէտութենէն՝ կրնայ տարիներ ետք ըլլալ: Եթէ այս տրամաբանութիւնն է Մուպարաքին քայլերը ճշդողը, ապա ափսո՛ս, որովհետեւ Եգիպտոսի ժողովուրդի համբերութեան բաժակը արդէն յորդած է, ու կարելի չէ պատկերացնել, որ բռնի ուժի ճանապարհով որեւէ ճնշում պիտի կարենայ փրկել իր իշխանութիւնը:
Մուպարաքի յուսահատ հակազդեցութիւնը, որ կեանքեր կը խլէ Գահիրէի փողոցներուն վրայ, աններելի է: