ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող դարու թունուզցի արաբ բանաստեղծ Ապուլ Քասէմ Էլ Շապպիի գրիչին կը պատկանի բանաստեղծութիւն մը, որուն առաջին տողերը կ՛ըսեն (մօտաւորապէս) հետեւեալը. Եթէ ժողովուրդը վճռած է կեանքի ուղին ընտրել, այդ պարագային դէմ յանդիման պիտի գայ իր ճակատագրին, խաւարը անպայման պիտի փարատի եւ կապանքները՝ քանդուին:
Երկրորդական վարժարանի ա ւարտական դասարանի այդ օրերուն, երբ դասի ընդմէջէն կը սերտէինք այս տողերը, կ՛ենթադրէինք, որ Էլ Շապպիի ակնարկութիւնը կ՛երթար ֆրանսական գաղութատիրութեան, որուն ենթակայ էր Թունուզը այդ օրերուն: Յետոյ, Թունուզը մեր աշակերտական օրերուն, Հապիպ Պուրկիպայի ղեկավարութեամբ, խաղաղ, կայուն եւ համեմատաբար բարգաւաճ օրերու մէջ էր: Ի՜նչ կապանք, ի՜նչ խաւար, կը մտածէինք՝ նոյն այդ տարիներուն:
Զուգահեռաբար, այդ նոյն օրերուն, Անուար Սատաթ նոր յաջորդած էր Նասէրի, Եգիպտոսի մէջ: Երկիր մը, որ 1967ի պատերազմի ընթացքին իր կորսնցուցած հողերը ազատագրելու ներքին մարտունակութիւն մը կը փորձէր կուտակել՝ ի գին ընկերային ու տնտեսական ծանր զոհողութիւններու: Երկիր մը, որուն ժողովուրդը երբեք խօսք չէ ունեցած իր վարչաձեւի կամ իշխանութեան կազմութեան մէջ: Ֆարուք թագաւորին դէմ յեղաշրջում 1952ին՝ Մոհամմատ Նակիպի գլխաւորութեամբ, ապա՝ Կամալ Ապտըլ Նասէր, Անուար Սատաթ եւ Հոսնի Մուպարաք: Այսինքն, միապետութեան անկումէն՝ 1952էն մինչեւ այսօր, աւելի քան կէս դար, եգիպտացի ժողովուրդին ոչ մէկ առիթ տրուած է իր խօսքը ըսելու երկրի կարգուսարքի կազմութեան մէջ:
Բայց ինչպէս բոլոր իրաւ բանաստեղծները, Ապուլ Քասէմ Էլ Շապպին եւս մեծ տեսիլքի տէր մարդ էր, որովհետեւ իրաւ բանաստեղծին խօսքը կը զանցէ ժամանակի ու վայրի բոլոր սահմանափակումները ու կը դառնայ տիեզերական ճշմարտութիւն: Այդպէս էր նաեւ Րաֆֆին, որուն «Կայծեր» վէպէն աւելի՝ իր գողտրիկ բանաստեղծութիւնն էր («Արդեօք գալո՞ւ է մի օր ժամանակ»), որ հայութիւնը փոթորկեց:

Այս զուգահեռը գծուեցաւ մեր առջեւ, երբ հեռատեսիլի պաստառին դիմաց գամուած կը դիտէինք Թունուզի վերջին իրադարձութիւնները, ուր յստակօրէն կ՛երեւէր, թէ Ապուլ Քասէմ Էլ Շապպին իրաւացի էր: Իր ժողովուրդը վճռած էր կեանքի ուղին ընտրել: Եւ բառացիօրէ՛ն, որովհետեւ պաստառին վրայ յաճախ տեսանք ցուցարարներ, որոնք Էլ Շապպիի վերոնշեալ բանաստեղծութիւնը կարգախօսի վերածած, զայն բարձրագոչ արտասանելով, կը քալէին իրենց մայրաքաղաքի պողոտաներէն՝ արհամարհելով արցունքաբեր ռումբերն ու կրակոցները:
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՑՈՒՆԱՄԻՆ
Զէյն Էլ Ապիտէյն շատ արագ խոյս տուաւ իր երկրէն: Սակայն զինք իշխանութենէն (ու երկրէն) դուրս վռնտող շարժումը չսահմանափակուեցաւ Թունուզով: Շարժումին տուն տուող գաղափարական ալիքները հասան Ալճերիա, Եմէն ու դրացի Եգիպտոս:
Հոս է, որ այդ ալիքը վերածուեցաւ ցունամիի: Որովհետեւ, ինչպէս վերը ըսինք, Ֆարուք թագաւորի անկումէն ետք, հիմա՛ է, որ եգիպտացի ժողովուրդը ոտքի ելած է, այս անգամ առանց վախնալու երկրի «մուխապարաթ»էն (գաղտնի ոստիկանութիւն) եւ վճռականօրէն կը պահանջէ Մուպարաքի ու անոր բռնատիրական վարչակարգին հեռացումը:
Եգիպտոսը պատմականօրէն «կատակ» չէ եղած: Փարաւոններու քաղաքակրթութենէն ետք, Աղեքսանդրիոյ մէջ էր աշխարհահռչակ մատենադարանը, որու մատեաններէն օգտուած են նաեւ մեր մատենագիրներէն ոմանք: Եգիպտոսի մէջ էր, որ արաբական մամուլը սկսաւ ծաղկիլ 19րդ դարու կէսերուն: Արաբական թատրոնն ու շարժանկարի արուեստը հոն էր որ ծաղկեցան: Մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան օրրան եղած է Եգիպտոսը, որուն ժողովուրդը, մօտաւորապէս 35 տարի առաջ, աւելի քան մէկ միլիոնով քալեց իր սիրած արուեստագէտ-երգիչ Ում Քուլսումի դագաղին ետեւէն: Իբրեւ հակադրութիւն, կը յիշէք, չէ՞, ամերիկեան մամուլին մէջ մինչեւ այսօր Մայքըլ Ճէքսընի մահուան առնչուած խեղկատակութիւնները:

Նոյն եգիպտացի ժողովուրդն էր, քաղաքականութենէ հեռու պահուած, սակայն ներքին խոր մշակոյթի տէր, որ մարդկային պատնէշ կազմեց իր թանգարաններուն առջեւ, որպէսզի պատեհապաշտներու առիթ չտայ: Նոյն եգիպտացի ժողովուրդը, որուն երիտասարդ-երիտասարդուհիները զանգուածային ցոյցերու միջանկեալ դադարներուն, աւելը ձեռքերնին, փողոցները մաքրելու սկսան՝ սեփական երկրին նկատմամբ հոգածութեան օրինակ հանդիսանալով ամբողջ աշխարհին:
Այնպէս որ, գալիք օրերուն, Մուպարաք հրաժարի կամ ոչ, արդէն կոտրուած է: Իր ժամանակաշրջանը աւարտած է, որովհետեւ Էլ Շապպիի տեսիլքը իրականութիւն է այլեւս (*):
ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
Կու գանք բո՛ւն խնդրին:
Թունուզի եւ Եգիպտոսի (եւ դեռ գալիք թունուզներուն ու եգիպտոսներուն) խնդիրները միայն բռնատիրական վարչակարգի դէմ ընդվզում չեն: Անոնք ունին նաեւ ընկերային-տնտեսական խոր պատճառներ:
Վերջին մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակին, այն օրէն երբ նախագահ Քլինթըն ստորագրեց Կլաս-Սթիկըլ օրէնքը նորով փոխարինելու օրինագիծը եւ առեւտրական դրամատուներուն իրաւունք տուաւ ներդրումներու բնագաւառէն ներս մտնել, համաշխարհային ելեւմտական հաստատութիւնները (այսինքն դրամատիրական գաղափարախօսութիւնը) սկսան իրենց սանձարձակ շահատակութիւններուն:
Զուգահեռաբար, անդրազգային ընկերութիւնները սկսան իրենց հակակշռին տակ առնել համաշխարհային տնտեսութիւնը՝ «ունեցողներուն՝ ամէն ինչ, չունեցողներուն ոչին»չ չյայտարարուած կարգախօսով: Փլուզումը չուշացաւ: Նուազ քան երկուքուկէս տարի առաջ, նոյն այս ելեւմտական հաստատութիւնները, իրենց շահամոլական վարքագիծով, ոչ միայն Ամերիկայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի տնտեսութիւնը փլուզումի եզրին հասցուցին:
Դրամագլուխը (գլխագիր Դ-ով) ազգային-պետական սահմաններ չի ճանչնար: Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպական երկիրներ, Դրամագլուխը ագահօրէն սկսաւ լափել ամէն ինչ: Պալթեան երկիրները առաջին կքողները եղան: Հոն այսօր անգործութեան համեմատութիւնը անտանելի չափերու հասած է (մինչեւ 19 տոկոս): Եւրոպական դրամատուները այսօր չոքած են Պալթեան երկիրներուն վիզին, ու իրենց փոխ տուած գումարները շահով վերստանալու համար, կը ստիպեն տեղւոյն իշխանութիւններուն, որ կրճատեն հանրային ծախսերը: Մէկ օրէն միւսը, առողջապահական ապահովագրութիւն, հանրային կրթութիւն, ծերութեան թոշակներ, հանրային այլ սպասարկութիւններ, իջան անտանելի մակարդակի՝ աղքատացնելով ժողովուրդը:

Դրամագլուխի հսկաներէն Կոլտման-Սաքսը, զինակցած Յունաստանի նախկին (աջակողմեան) վարչակարգին, այսինքն յոյն դրամատիրական շրջանակներուն հետ (որոնք չվարանեցան կեղծելու երկրի ելեւմտական հաշուետոմարները), Յունաստանի տնտեսութիւնը ծունկի բերաւ: Կոլտման-Սաքս մէկ կողմէ հսկայական գումարներ գանձեց նոր վարչակազմէն (ընկերվարական), երկրի տնտեսութիւնը իբրեւ թէ բարելաւելու, կացութենէն ելք գտնելու իր խորհուրդներուն դիմաց, միւս կողմէ միջազգային ելեւմտական շուկաներուն մէջ սկսաւ գրաւ դնել Յունաստանի դէմ՝ հարիւրաւոր միլիոններ գրպանելով: Արդիւնքը տեսանք թէ ինչ եղաւ: Իրլանտա նուազ բախտաւոր չեղաւ: Իսկ Անգլիոյ մէջ, ժողովուրդը, երկու երրորդով քուէարկելով հանդերձ Աշխատաւորական եւ Ազատական-ժողովրդավար կուսակցութիւններուն, այսօր կը վայելէ Թորիներու (պահպանողական-աջակողմեան) վարքագիծի «բարիքները»: Հոն եւս «ամավարկը հաւասարակշռելու» մեծ սուտով, Դրամագլուխը (իշխանութեան միջոցով) սկսած է կրճատել հանրային սպասարկութիւնները, որպէսզի կարկանդակէն կարելի եղածին չափ մեծ բաժին մնայ իրեն, դրամատէր խաւին: Այսինքն՝ վերի 2 տոկոսին:
Երրորդ աշխարհի երկիրները անմասն չմնացին այս զարգացումներէն: Թունուզի ու Եգիպտոսի նման երկիրներու մէջ, ծնելիութեան բարձր տոկոսին շնորհիւ, երիտասարդները սկսան կազմել բնակչութեան մօտաւորապէս (երբեմն ալ աւելի, նայած երկրին) կէսը: Իշխանութիւնները այս երիտասարդութեան տուին համալսարանական վկայական, սակայն չտուին աշխատանք: Որովհետեւ երկրի եկամուտներու կարեւորագոյն տոկոսը կը ծախսուէր ոչ թէ աշխատատեղեր ստեղծելու կամ ենթակառոյցը ընդարձակելու համար, այլ՝ վարչակարգը ուժեղացնելու համար՝ զէնք, բանակ, ապահովական կառոյցներ եւայլն:
Ուրեմն, անգործութիւն, բռնատիրութիւն, իշխանութեան անխնայ շահագործում եւ չարաշահում: Արդիւնքը.- Մուհամմատ Պուազիզի, երիտասարդ համալսարանաւարտ, ստիպուած է պտուղ-բանջարեղէն վաճառել մայթերուն վրայ, որպէսզի ապրուստ ապահովէ: Ոստիկանութիւնը, կաշառակերութեան բուրգին յատակը, իր բաժինը կը պահանջէ: Պուազիզի կը դիմէ ինքնահրկիզումի: Այս արարքը յանգեցաւ Թունուզի յեղափոխութեան:
Պատկերը նոյնն է Եգիպտոսի մէջ: Ընկերային-տնտեսական պայմանները՝ եւս: Ալճերիոյ եւ արաբական կարգ մը այլ երկիրներու մէջ եւս նոյնն է պարագան: Բացառութիւն են Ծոցի երկիրները եւ Սուրիան: Առաջինին պարագային, շէյխերն ու էմիրները քարիւղի եկամուտներուն կարեւոր մասը սկսած են ծախսել ժողովուրդին համար՝ ենթակառոյց, համալսարաններ, հիւանդանոցներ եւ երբեմն ալ՝ ուղղակի կանխիկ գումարներով: Իսկ Սուրիոյ մէջ, նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատ արդէն յաջողած էր ուժեղ միջին դասակարգ մը յառաջացնել, իբրեւ երկրի կայունութեան գրաւական:
Դրամագլուխը աշխարհի որեւէ անկիւնը, «կը խօսի» ու «կը հասկնայ» միայն կանխիկ դրամի լեզուն: Դրամատէր խաւը, անգլերէն խօսի թէ գերմաներէն, էսթոներէն խօսի թէ հայերէն, Ուաշինկթընէն Հռոմ ու Լոնտոնէն Երեւան, հետամուտ է միմիայն դրամի բլուրները լեռներու վերածելու աշխատանքին: Ազգային արժէքները, մշակոյթ, լեզու կամ քաղաքակրթութիւն, անպէտք են ու անարժէք: Արժէք է միմիայն դրամագլուխը:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ այսօր համաշխարհային տարողութեամբ սկսած է ուրուագծուիլ այնպիսի կարգուսարք մը, զոր կարելի է կոչել Դրամատիրական Պոլշեւիզմ, ուր ազգային-պետական սահմանները սկսած են ձեւական բնոյթ ստանալ:
Դրամատիրական Պոլշեւիզմը ներկայ է Ատլանտեանի զոյգ ափերուն, մինչեւ Հեռաւոր Արեւելք ու մինչեւ իսկ՝ Հայաստանի մէջ:
Այսօր «օլիկարք» խաւն է, որ Արեւմուտքի մէջ տիրացած է իշխանութեան ու Երրորդ աշխարհի մէջ եւս ստեղծած է իր մեծ ու փոքր զինակիցները: Թունուզի Զէյն Ուլ Ապիտէյն Պըն Ալին, Եգիպտոսի Հոսնի Մուպարաքը, Ալճերիոյ կամ Եմէնի վարչակարգերը, Հայաստանը եւ բազում այլ երկիրներու պարագային, կացութիւնը առաւել կամ նուազ չափով նոյնն է:
Ուրեմն, երբ Թունուզի ժողովուրդը ոտքի կ՛ելլէ պաշտպանելու իր քաղաքացիական եւ տնտեսական շահերը, երբ Եգիպտոս, Ալճերիա, Եմէն կ՛եռեւեփին, հայութեան ու Հայաստանի համար այս բոլորը գաղափարական առումով դրական եւ յուսալից զարգացումներ պէտք է նկատել:
Մեր կարծիքով, դաշնակցական քաղաքական միտքը պէտք է «բռնէ» այս պատմական պահը, որպէսզի կարենայ տիրութիւն ընել թէ՛ հայ ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական առումով իրաւազրկուած խաւերուն (Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ), եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ ղեկավարէ ազգային-քաղաքական առումով իրաւազրկուած հայութեան ու Հայաստանի պայքարը՝ յանուն արդարութեան:
(*) Այս տագնապներուն շղթայազերծումին մէջ նշանակալի դեր ունեցան նաեւ արեւմտեան երկիրները, իրենց անհեռատես ու կեղծաւոր վարքագիծով: Բայց այդ ուրիշ նիւթ է արդէն:
Փետրուար 15 2011
vproudian@gmail.com