ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ ամիս, երբ կեանքի ապահովագրութեան գերմանական ընկերութիւնները Միացեալ Նահանգներու դաշնակացային վերաքննիչ դատարանէն պահանջեցին վերաքննութիւն կատարել՝ վիճարկելով հայ հայցուորներու օգտին դատարանին կայացուցած որոշումը, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ներկայացուց «Ամիքիւս Քիւրէյ»ի («Դատարանի բարեկամ») խնդրագիր՝ ի պաշտպանութիւն գերմանական կողմին:
Հետաքրքրական իրավիճակ ստեղծուած է. ապահովագրուած հայ նահատակներուն ժառանգորդները դատական գործ կը յարուցեն գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ, իսկ դատավարութեան կողմ չհանդիսացող Թուրքիան, անամօթաբար կը բռնէ իրաւախախտ ընկերութիւններուն կողմը: Ոչ ոք թրքական կառավարութենէն փոխհատուցում կը պահանջէր: Ինչո՞ւ պէտք է օտարերկրեայ պետութիւնը՝ Թուրքիան, միջամուխ ըլլայ գերմանական ընկերութիւններու դէմ ամերիկեան դատավարութեան:
Թրքական միջնորդութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը ժխտող տասնհինգ էջնոց քարոզչութիւն մըն է: Անիկա Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան կը ներկայացնէ իբրեւ «ուս-ուսի տուած» աշխատող երկիրներ, աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ապրի շուրջ 120 հազար թուրք, եւ ամէն տարի, աւելի քան 700 հազար ամերիկացի զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ Թուրքիա: Սակայն, թրքական զեկոյցը չի բացատրեր, թէ այս հաւաստիացումները ի՞նչ առնչութիւն ունին գերմանական նշեալ ընկերութիւններուն կողմէ ապահովագրուած հայերու ժառանգորդներուն փոխհատուցում վճարելէ հրաժարելու հարցին հետ:
Թրքական խնդրագիրը յարձակումի կ՛ենթարկէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը, ըստ որուն, երկարաձգուած է նախատեսուած ժամկէտը այն հայցերուն, զորս բարձրացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները՝ ընդդէմ ապահովագրական ընկերութիւններու: Անիկա կ՛ամբաստանէ, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը «կը վիրաւորէ Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը՝ թր-քական պատմութիւնը օրէնսդրութեամբ ամրագրել փորձելով եւ յայտարարելով, թէ Թուրքիան ու անոր նախորդ պետութիւնը մեղաւոր են ցեղասպանութեան յանցագործութեան մէջ»: Խնդրագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Թուրքիա կը մերժէ, որ Միացեալ Նահանգներու որեւէ օրէնսդիր մարմին կամ պաշտօնատար այլ անձ ձեւակերպէ ցեղասպանութեան իր սահմանումը, որպէսզի յատուկ յայտարարէ, թէ Թուրքիան կամ անոր նախորդ պետութիւնը մեղաւոր են այդ յանցագործութեան մէջ»:
Հեգնականը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը երբեք դժգոհութիւն չէ արտայայտած, երբ ԱՄՆ 42 նահանգներն ու ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներ, վերջին տասնամեակներուն, ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անգարան իր կրաւորականութիւնը կ՛արդարացնէ ըսելով, որ իր գործընկերը դաշնակցային կառավարութիւնն է եւ ոչ թէ առանձին նահանգներ կամ քաղաքներ:
Համոզիչ չեն թրքական խնդրագիրին պնդումները, թէ՝ օտարերկրեայ պետութիւնները չեն կրնար «վերահսկել եւ արձագանգել յիսուն նահանգներու օրէնսդիրներու եւ նահանգապետներու առանձին գործողութիւններուն: Անոր փոխարէն, Թուրքիոյ համար ԱՄՆ յիսուն նահանգներուն հետ իբրեւ զրուցակից հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը»: Այնուհետեւ յղում կը կատարուի ԱՄՆի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Սենսոյի՝ 2008ի Դեկտեմբեր 4ին Վերաքննիչ դատարանին յղած նամակին, ուր կ՛ըսուի. «Թուրքիա շատ չի բողոքեր այս պատմական հակասութիւններուն վերաբերեալ՝ նահանգներուն կողմէ ընդունուած հռչակագիրներուն դէմ, որովհետեւ ան իր արտաքին գործերը անմիջականօրէն կ՛իրականացնէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան հետ, գլխաւորաբար՝ գործադիր իշխանութեան հետ: Մենք նման յարաբերութիւններ չունինք առանձին նահանգներու հետ»:
Խնդրագիրը կեղծ յղում կը կատարէ Ցեղասպանութեան, իբրեւ՝ «Օսմանեան հայերու եւ թուրքերու ընդհանուր տանջանքներ» եւ «պատերազմական շրջանի տառապանք»: Անոր մէջ անփութօրէն կ՛արհամարհուի նախագահ Ռեկընի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 1981 թուականի նախագահական հռչակագիրը. հոն նաեւ ոչ մէկ յղում կայ 1975 եւ 1984 թուականներուն Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Քոնկրեսին ընդունած բանաձեւերուն: Փոխարէնը՝ թրքական կառավարութիւնը հպարտօրէն կը յայտարարէ, թէ Օպամայի վարչակազմին օրօք, այս հարցին մասին որեւէ նոր բանաձեւ չէ ընդունուած:
Թրքական կառավարութիւնը ցնցող յայտարարութիւն մը կը կատարէ իր խնդրագիրին մէջ, նշելով, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, 2010ի Դեկտեմբեր 19ին նախագահ Օպամային յղած իր նամակին մէջ բողոքած է Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի որոշումին գծով, թէ՝ «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը, իր դիրքորոշումով դէմ չէ նահանգային կամ դաշնակցային մակարդակով «ցեղասպանութեան» ճանաչման»: Օտարերկրեայ ղեկավարի մը կողմէ Միացեալ Նահանգներու դատավարութեան միջամտելու եւս մէկ կոպիտ փորձ: Ուշագրաւ է, որ խնդրագիրը կը բացայայտէ Էրտողանի՝ Օպամային յղած նամակին միայն մէկ մասը, յայտարարելով, որ «Այս նամակին մնացած մասը կը համարուի դիւանագիտական գաղտնի տեղեկատուութիւն»:
Վերաքննիչ դատարանը կա՛մ պէտք է մերժէ թրքական խնդրագիրը՝ իբրեւ օտարերկրեայ պետութեան մը կողմէ անհիմն միջամտութիւն՝ ամերիկեան դատավարութեան, կամ ալ պահանջէ հրապարակել Էրտողանի նամակին ամբողջ բովանդակութիւնը՝ մէջբերուած հատուածին ճշմարտացիութիւնը ստուգելու համար, եւ հաստատելու, թէ արդեօք նամակին մէջ գոյութիւն ունի՞ն դատական գործին առնչուող այլ յղումներ: Թրքական կառավարութիւնը չի կրնար թաքնուիլ «դիւանագիտական գաղտնիութեան» ետին, քանի որ արդէն խախտած է «առանձնաշնորհեալ հաղորդակցութեան» սկզբունքը՝ ընտրովի ներկայացնելով որոշ հատուածներ այդ նամակէն:
Իրենց ներկայացուցած խնդրագիրով, թրքական իշխանութիւնները կ՛ընեն մոլորեցնող առաջարկութիւն մը, թէ՝ աւելի քան մէկ տարի առաջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները «նպատակ ունին յաղթահարել իրենց ներկայի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ բոլոր խոչընդոտները, եւ համատեղ քննարկել պատմական բանավէճը»: Թրքական կեղծ խնդրագիրին մէջ, հեղինակները դաշնակցային դատաւորներէն ճարպիկօրէն կը թաքցնեն այն փաստը, որ անոնք արձանագրութիւնները չեն վաւերացուցած եւ այդ մէկը ընելու մտադրութիւն իսկ չունին: Անգարա կը փորձէ այժմ օգտագործել այդ մեռեալ արձանագրութիւնները՝ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ յարուցուած օրինական դատական հայցը վիժեցնելու համար:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկու նամակ կցած է այդ խնդրագիրին. մէկը ստորագրուած է ԱՄՆի մօտ իր դեսպանին, իսկ միւսը՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին կողմէ: Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը, այդ երկու նամակները՝ խնդրագիրին հետ միասին, պէտք է անմիջապէս անտեսէ, որովհետեւ քարոզչական նիւթերը որեւէ իրաւական արժէք կամ նշանակութիւն չունին: