
«Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Իմրալը կղզիին վրայ ցկեանս բանտարկուած, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալան, իր փաստաբաններու միջոցող յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան։
Օչալան նշած է, թէ քիւրտերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան սկիզբը Փետրուար 15, 1925ն է։ «Քիւրտերու ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն քիւրտերու նկատմամբ անիկա աւելի ծանր կերպով իրագործուեցաւ եւ կը շարունակէ իրագործուիլ։ Քաղաքական ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին։ Եթէ քրտական կուսակցութիւնները չհաւաքուին եւ այս իրավիճակը ճիշդ չգնահատեն, ապա ճիշդ ղեկավարութիւն չի կրնար ըլլալ», ըսած է ան։