
«Արմաւենի» լրատուական կայքէջը հայկական մամուլին յղած է եգիպտահայ գաղութին վերջին լուրերը, համացանցի եւ հեռաձայնի գիծերու հաստատումէն ետք: Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդէն կը տեղեկանանք, թէ երեք հայերու պատկանող խանութներ թալանուած են Յունուար 25էն ի վեր Եգիպտոսի տարածքին սկսած ցոյցերուն ընթացքին։
Առաջնորդ սրբազանը կ՛ըսէ, թէ համայնքի անդամները «անհանգիստ եւ մտահոգ են երկիրին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններով, բայց ոչ ոք մասնակցած է կազմակերպուած ցոյցերուն»:
«ՅՈՒՍԱԲԵՐ» ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ «ՖԷՅՍՊՈՒՔ»ՈՎ
Եգիպտոսի ներքաղաքական լարուած վիճակէն ազդուելով՝ «Յուսաբեր» ակումբի վարչութիւնը «Ֆէյսպուք» կայքէջին վրայ Փետրուար 2ին ստեղծած է շտապ օգնութեան խումբ մը, ուր տեղադրուած են վարչութեան երկու անդամներու՝ Արաքսի Թումայեանցի եւ Յարութիւն Պալեանի հեռաձայնի թիւերը, որպէսզի «ըստ պահանջի եւ յարմարութեան», եգիպտահայ գաղութի անդամները հեռաձայնեն հարկ եղած ժամանակ:
ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԱՆԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՉԷ ՏՈՒԺԱԾ
ԳԱՀԻՐԷ, «ՓանԱրմինիըն».- Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններէն ետք, Փետրուար 7ին բոլոր հայկական ակումբները եւ կազմակերպութիւնները վերսկսած են իրենց աշխատանքին: Ըստ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եգիպտական բաժանմունքին, հայ համայնքէն ոչ ոք տուժած է. կոտրուած են միայն «Գալուստեան» դպրոցի ապակիները:
Գահիրէի «Նուպար» ակումբին մէջ, անցեալ Կիրակի կայացած է ընթրիք մը՝ համայնքի անդամներուն համար: Վերջին քանի մը օրերուն, «Արարատ» ու «Ս. Թերեզա» ակումբները սովորականի նման եղած են բաց: ՀԲԸՄի եգիպտական բաժանմունքը կը յայտնէ, թէ կ՛ընդունին բոլոր մարդիկ, որոնք օգնութեան, նպաստի եւ դեղերու կարիք ունին: ՀԲԸՄը գրասենեակ բացած է նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ:
ԳԱՀԻՐԷԻ «ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՊԱԿԻՆԵՐԸ ՓՇՐՈՒԱԾ՝ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՔԱՐԵՐՈՎ
ԳԱՀԻՐԷ.- Գահիրէի «Գալուստեան» Ազգ. վարժարանի երեք պատուհաններու ապակիները փշրուած են Յունուար 25ին սկսած ցոյցերուն ընթացքին: «Ապակիները կոտրուած են հաւանաբար ցուցարարներու նետած քարերով, բայց ուրիշ բան չէ պատահած. դպրոցը, ընդհանուր առմամբ, անվնաս է: «Գալուստեան»ը կը գտնուի Պուլաք թաղամասը, մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր հեռու Թահրիր հրապարակէն, որ հանդիսացաւ ցոյցերու կեդրոնը:
«Գալուստեան»ի պաշտպանութիւնը յանձնուած էր դպրոցի պահակին եւ աւելի ուշ անոր միացած թաղամասի բնակիչներուն, որոնք գիշեր-ցերեկ, ձեռք-ձեռքի՝ ստանձնած են պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը, կը յայտնէ «Գալուստեան» եւ «Նուպարեան» վարժարաններու տնօրէն Սիմոն Չամքէրթէնեան ու կ՛աւելցնէ. «12 օր տեւած ցոյցերէն առաջ արդէն Գահիրէի երկու հայկական վարժարաններու աշակերտները աւարտած էին կիսամեայ քննութիւնները, եւ Յունուար 28էն ի վեր, երկու շաբաթով արձակուրդի գացած էին»:
Վերջին իրադարձութիւններով պայմանաւորուած՝ տնօրէնը կը նշէ. «Տակաւին լուր չունինք եւ չենք գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի վերսկսկինք դպրոցներու աշխատանքներուն»:
Իսկ «Նուպարեան» Ազգ. վարժարանը, որ Հելիոպոլիս արուարձանը կը գտնուի, մօտաւորապէս 15 քիլոմեթր հեռու Թահրիր հրապարակէն, «աւելի ապահով է՝ ունենալով անվտանգութեան մէկ ծառայող. առտուները ուրիշ գործաւորներ ալ այցելած եւ հսկած են դպրոցը», ըսած է վարժարանի տնօրէնը: