ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մեկնեցաւ Քաթար, ուր Տոհայի մէջ պիտի մասնակցի Արաբական խորհրդարանական դաշնակցութեան 17րդ համագումարին։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի։ Բագրատունիի կողքին երեսփոխաններ Նիքոլա Ֆաթթուշ եւ Միշել Մուսա կը մասնակցին համագումարին՝ իւրաքանչիւրը իբրեւ անդամ համագումարէն բխած յանձնախումբերուն։
Իբրեւ Արաբական խորհրդարանական դաշնակցութեան անդամ, Բագրատունի անցեալին մասնակցած է Աքապայի, Ամմանի, Սուրի եւ Մասքաթի մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն եւս։ Ան մաս կը կազմէ քաղաքական եւ մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.