Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Հինգշաբթի, Փետրուար 10ին, ԵԱՀԿի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին կոչ ըրած է Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿին, որ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի ազդու ներկայութիւն մը ըլլան: Ըստ ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան, «Եւրոպական Միութեան՝ Հարաւային Կովկասի մէջ ներգրաւուածութիւնը պէտք է շարունակէ ըլլալ տեսանելի, ուժեղ եւ հետեւողական», յայտարարած է Սեմնեպի։
«Հարաւային Կովկասի մէջ չլուծուած հակամարտութիւնները կը շարունակեն տարածաշրջանի կայունութեան թիւ մէկ սպառնալիքը հանդիսանալ», ըսած է Սեմնեպի եւ ընդգծած, որ առանձնապէս մտահոգիչ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապահովական իրավիճակը։
Սեմնեպի զինադադարի ամրապնդման ուղղուած ջանքերը ուժեղացնելու կոչ ուղղելէ ետք, շեշտած է. «Հակամարտութիւններու կանխարգիլումը կը մնայ պարտադիր առաջնահերթութիւն՝ գոյութիւն ունեցող ու ձգձգուող հակամարտութիւններու կարգաւորման զուգնընթաց»։