ԱԹԷՆՔ.- Շաբաթ, 12 Փետրուարի գիշերը, պատկերասփիւռի NET կայանէն, Սփիրոս Փափատոփուլոսի երաժշտական «Ստին Իղիա Մաս» ծրագիրէն նախատեսուած է Հայկ Եազըճեանի եւ Էլէնի Վիթալիի ելոյթը:
Բազմամարդ հանրութեան մը ներկայութեան, «Քիթարօ»ի բեմէն պիտի շարունակուին երկու շնորհալի երաժիշտներուն ելոյթները, Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները:
Արուեստագէտ Հայկ Եազըճեանը հանրայայտ երաժիշտ է հելլէն հանրութեան մօտ: Էլէնի Վիթալիի հետ իր ելոյթները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն յոյն հանրութեան մօտ եւ մեծապէս գնահատուած են երաժշտասէր հասարակութեան ու քննադատներու կողմէ:
Իրենց ելոյթներուն կ՛ընկերանայ տաղանդաւոր երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբ մը, որուն մաս կը կազմէ տուտուկի վարպետ Տիգրան Սարգսեան եւ երգչուհի Միրթօ Նաում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.