ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի, Երեքշաբթի, Փետրուար 8ի գիշերը, ասորի ուղղափառներու Լեռնալիբանանի առաջնորդարանի սրահին մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան ներկայ գտնուեցան առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպայի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 30ամեակի հանդիսութեան։
Այս առթիւ, Արամ Ա. կաթողիկոս յղած էր Օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան գիր մը, որուն մէջ կ՛ընդգծէր մեծարեալին հովուական, վարչական, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բարեմասնութիւնները, եւ անոր կը մաղթէր աստուածահաճոյ սպասաւորութեան շարունակման առաւել կորով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.