ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ յարաբերութիւնները (աւելի ճիշդ՝ հետզհետէ չքացող յարաբերութիւնները) նոր թափ ստացան վերջերս, երբ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտարարեց երկպալատ խորհրդարան ձեւաւորելու եւ խորհրդարանին մէջ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ ներգրաւելու Հայաստանի նախագահի մտադրութեան մասին: Ըստ նախագահի մամլոյ խօսնակին եւ գաղափարը յղացողներուն, այս քայլին նպատակն է «աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներգրաւել հայաստանեան ներքաղաքական օրակարգում»: Այստեղ տեղին է յիշեցնել, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հ. Մարգարեան իր կուսակցութեան անունով այդպիսի առաջարկով հանդէս եկած էր Գանատայի մէջ, անցեալ տարուան Դեկտեմբերին:
Երկպալատ խորհրդարան ձեւաւորելու լուրը, փաստօրէն, իրարանցում յառաջացուցած է հայկական աշխարհէն ներս:
Օրաթերթերու մէջ, «պլոգ»ներու կամ «Ֆէյսպուք»ի վրայ ամէն տեղ այս մասին լայնօրէն կը գրուի՝ յաճախ Սփիռքի մասին վիրաւորական արտայայտութիւններով:
Այն, որ յայտարարութիւնը փոթորիկ յառաջացուցած է հայկական իսկական եւ «վիրդուալ» աշխարհի տարածքին՝ միայն գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ ասիկա իսկապէս այնպիսի խնդիր մըն է, որ կը շարժէ նոյնիսկ անտարբեր հոգիները: Կը բաւէ նայիլ հակազդեցութիւններու ցուցակին՝ հասկնալու համար, թէ ինչպիսի՛ ուժեղ երկրաշարժ է, որ տեղի կ՛ունենայ:
Թէ այս քայլի գործնականացումը ինչպէ՞ս պէտք է տեղի ունենայ իր խիստ կարեւոր բոլոր մանրամասներով՝ անշուշտ որ կը կարօտի երկար եւ լուրջ քննարկումներու: Այս մասին գրողներ եղան արդէն:
Հասկնալի է նաեւ այն մտահոգութիւնները, որոնք գաղափարի անհնարին, անժամանակ ըլլալը կը կապեն Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներու հետ: Ես ալ կ՛ուզեմ յուշել եւ առարկութիւններու շարքին աւելցնել այստեղ ցուցակը Հայաստանի զարգացումը խոչընդոտող բոլոր գործօններուն. տնտեսական ու քաղաքական մենաշնորհները, ոչ արդիւնաւէտ կառավարումը, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու կեղծումը, մարդու իրաւունքներու ամէնօրեայ ոտնահարումները, ընկերային ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը, հարկահաւաքի բիրտ մեթոտները եւ համատարած կաշառակերութիւնը:
Այսուհանդերձ այս բոլորը նորութիւն չեն: Տարիներ շարունակ, հայ անհատներ, մտաւորականներ եւ կազմակերպութիւններ զզուանքով կը խօսին այս երւոյթներուն մասին: Տարիներ շարունակ բոլորս զբաղած էինք ախտորոշում ընելով, եւ մեր ուժի ու միջոցներու կարեւոր մէկ մասը մսխեցինք, բաւականացանք գարշանքի եւ զզուանքի զգացումներու տուրք տալով:
Այս բոլորը դանդաղ բայց հաստատօրէն մեզ կը բերէին այսօրուան վտանգաւոր իրավիճակին՝ հայութեան երկփեղկումին: Բառերը չծամծմենք, իրականութիւն է, որ այսօր հայութեան երկու հատուածները իրարմէ հեռացած են:
Ի՞նչ կարելի է ընել՝ վերացնելու համար Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ հետզհետէ ամրացող խրամատը: Ի՞նչ կարելի է ընել՝ պայքարելու համար Հայաստանի նկատմամբ առկայ «օտարացում»ին եւ համատարած անտարբերութեան դէմ:
Այս մտահոգութիւնը մեղմելու, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար, միջոցներէն մէկը ցարդ եղած է աշխարհի տարբեր անկիւններու վրայ հասակ նետող նոր սերունդներուն մօտ հայրենասիրութեան յարատեւ մշակումը: Սակայն հայ կեանքի նորագոյն պատմութեան կերտման շեմին, այլեւս դասական հայրենասիրութիւնը անհրաժեշտ, սակայն խիստ անբաւարար միջոց է. Հայաստանը չի կրնար կասեցնել սփիւռքահայերու հայրենիքէն օտարացումի գործընթացը, բացի երբ հայրենիքը ի՛նք դադրի այդ օտարացման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը ըլլալէ, դադրի օտարացման նպաստող հանգամանքներու գլխաւոր արտադրողը ըլլալէ:
Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ ունենալ իր թիկունքին կանգնող համաշխարհային հայութիւն մը, որ ուժեղ թելերով կապուած է հայրենիքին եւ որ մշտապէս զգայուն է հայրենիքի կարիքներուն, ապա հայրենիքը ի՛նք եւս պարտի հաշուի առնել իր վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեանց հետեւանքները աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ:
Այստեղ առաջադրած խնդիրս միայն օրէնսդրութեան չ՛առնչուիր, ոչ ալ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, կամ նոյնիսկ՝ երկպալատանի խորհրդարանի ստեղծման վերջին առաջարկութիւններուն:
Հայաստան՝ իբրեւ ամբողջ հայութեան հաւաքական իղձերու ներկայացուցիչ, պարտաւոր է ըմբռնել, որ իր արտաքին քաղաքականութեան նախաձեռնութիւններով ոչ միայն ակամայ կը ձեւաւորէ (ցաւալիօրէն ժխտական) Սփիւռքի հայ մարդուն յարաբերութիւնները հայրենիքին հետ, այլ մեծ հետեւանքներ կ՛ունենայ սփիւռքահայ մարդուն՝ իր ապրած երկրին հետ յարաբերութիւններուն վրայ:
Երկու տասնամեակներէ ի վեր, հայրենիքը հայ մարդուն կը փոխանցէ երկու յստակ բան.
Առաջին՝ հայաստանցիներու մեծ մասին մօտ ձեւաւորուած այն ընկալումը, թէ սփիւռքահայերը պէտք է նիւթապէս օգնեն հայրենիքին ու չմիջամտեն Հայաստանի ներքին խնդիրներուն:
Երկրորդ՝ որ ձեր երեխաները ճակատի վրայ չեն, հետեւաբար ձեզի՝ Սփիւռքին, կը մնայ միայն լռել ու առանց հարցադրումներու զօրակցիլ հայկական կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան:
Ճիշդ է, որ սփիւռքահայերուն երեխաները զէնքը ձեռին չեն կանգնած Հայաստանի սահմաններուն վրայ, բայց եկէք անկեղծ ըլլանք եւ ընդունինք, որ հայրենիքէն օտարանալու այս երեւոյթը ուղղակի հետեւանք է հայ մարդուն կողմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան ժխտական ընկալումներուն:
Հայրենի իշխանութիւններու վարած անարդարանալի կամ խնդրայարոյց քաղաքականութիւնը շփոթի կը մատնէ հայ մարդը եւ ծաղրելի կը դարձնէ ո՛չ միայն զինք, այլ նաեւ օտար երկիրներու մօտ Հայաստանը պաշտպանելու իր ճիգերը:
Համաշխարհային հայութիւն մը, որ մասնակից է Հայաստանի կեանքին, հաւաքականօրէն եւ անհատապէս կը կրէ որեւէ մարզի մէջ Հայաստանի վարած քաղաքականութեան հետեւանքները. համաշխարհային հայութիւնը ուժ է այն ժամանակ, երբ իր ինքնութիւնը կը կապէ Հայաստան պետութեան հետ:
Եթէ հայրենիքն ու Սփիւռքը կը տենչան նոյն բանը՝ ունենալ յանձնառու հայ մարդ աշխարհի ամբողջ տարածքին, ապա ուրեմն ժամանակն է ճանչնալու եւ ընդունելու, որ այս յանձնառութեան հետ կու գայ նաեւ յստակ պատասխանատուութիւն:
Եթէ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը շարունակէ մնալ այսօրուան անառողջ վիճակին մէջ, ապա Սփիւռքը չի հաւատար, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մօտ ապագային կը սկսին իսկապէս աշխատելու սոցիալական արդարութեան, միտքի եւ խօսքի ազատութեան, մարդկային իրաւունքներու յարգումի եւ վերջապէս Արցախեան հարցի կամ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու գծով ընդունելի լուծումներու համար:
Պահ մը եկէք մէկ կողմ թողունք այս բոլորը, հայ մարդու ազատութեան եւ արդարութեան տենչի իրաւացիութիւնը, եւ մոռնանք, որ անոնք սահմանադրութեան էութեան եւ տարրին չեն համապատասխաներ. մէկ կողմ թողունք այն անիմաստ պնդումները, թէ այս հակա-ժողովրդավարկան քայլերը մօտէն կ՛առնչուին Հայաստանի անվտանգութեան հետ. մէկ կողմ թողունք նոյնիսկ միակողմանի զիջումներու առանցքով տարուող արտաքին քաղաքականութեան անտրամաբանական էութիւնը:
Այս բոլորը այնքան տարօրինակ եւ անհասկնալի են, որ հայրենի իշխանութիւնները միայն կարճատեսութեամբ դատապարտելը շատ քիչ բան է: Օր մը իշխանութինները պարտաւոր են հաշիւ տալ: Բոլոր խոստումները, բոլոր ինքնարդարացումները «անբաւարար» են:
Եթէ անցեալին ամէն մէկ հայ զինուորի մահով կը տառապէր իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, ապա այսօր բանակի ներսը կատարուած սպանութիւններն ու դաժանութիւնները, հայու գնդակով հայ երիտասարդի սպանութիւնը Երեւանի փողոցներուն վրայ, ապա այսօր Սփիւռքի հակազդեցութիւնը՝ իմա լռութիւնը, թէեւ անըմբռնելի, սակայն նաեւ կը կրէ որոշակի պատգամ:
Արդեօ՞ք այսօր հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ իր կառավարութիւնը կը հաւատան Հայաստանի համար պայքարելու արժէքին: Հանրապետութեան նախագահի հիմնական պատասխանատուութիւնն է ապահովել, որ Հայաստանը՝ մեր հայրենիքը, քայլ պահէ ժամանակին հետ. աշխատանք՝ բոլոր քաղաքացիներուն համար, որակաւոր կրթութիւն՝ բոլորի՛ն անխտիր, մատչելի եւ որակեալ հանրային առողջապահական ծառայութիւն, պատշաճ հանգստեան թոշակ եւ անվտանգութեան միջավայր, որ կ՛ապահովէ քաղաքացիներուն կեանքը. ահա ցուցակը այն խնդիրներուն, որոնք արթուն պիտի պահեն մեր նախագահը: Այդ է իր կարգավիճակին պարտադրանքը:
Սակայն կը ստացուի բոլորովին այլ բան. հայրենիքը իր քաղաքացիներուն հետ կը վերաբերի իբրեւ՝ երեխաներու, պետութիւն-կառավարութիւնը տառացիօրէն կը գնէ մարդիկը, կը գնէ անոնց քուէները՝ դրամով, իսկ երբեմն ալ օրէնսդրական ճարպիկութիւններով:
Հասարակութեան տարբեր շերտերը կաշառելը, որոշ մարդիկը գնելը, ոչ միայն հայկական պետութեան ռեսուրսները (միջոցները, հնարաւորութիւնները-Խմբ.) կը մսխէ, այլ՝ ամբողջ հայութեանը:
Ամօթալի է ու շփոթեցնող հայ մարդուն համար տեսնելը, թէ ինչպէ՛ս հայկական կառավարութիւնը կը սիրաբանի «բարեկամի» հետ, որ պատմութեան ամբողջ ընթացքին եղած է հայութեան թշնամին:
Մէկ այլ բան է, որ հայրենի պետութիւնը անհամաձայն ըլլայ տարատեսակ խնդիրներու շուրջ եւ պաշտպանէ իր շահերը, նոյնիսկ երբ այդ շահերը չեն համընկնիր Սփիւռքի շահերուն:
Սակայն սփիւռքահայը անհանգիստ կը զգայ եւ հարցականի տակ կը դնէ հայրենիքին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, երբ Հայաստանի վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը չ՛առաջնորդուիր մարդկային, ազգային արժէքներով, չ՛առաջնորդուիր մեր հայրենիքի մօտակայ եւ հեռակայ անվտանգութեան հրամայականներով: Փոխարէնը՝ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս այդ «արժէքները» աճուրդի կը դրուին շուկային վրայ ամենաբարձր վճարողին:
Հայրենի իշխանութիւններու այս պահուածքը աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը դարձնէ խոցելի: Աշխարհը Հայաստանի քայլերը կը դիտէ իբրեւ համայն հայութեան գործ:
Հայաստանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը եղած է հայ մարդուն հպարտութիւնը, այդ հաւատարմութիւնը եղած է հայկական ինքնութեան խթանիչը:
Երբ Հայաստան կը զոհաբերէ հայ մարդու հաւատարմութիւնը իր հայրենիքին նկատմամբ՝ կարճատես շահերու զոհարանին վրայ, ապա ան կը փոքրացնէ նոյնինքն Հայաստանը: Օտարացումը կը դառնայ անխուսափելի:
Հայաստանի նախագահները, այսօրուանն ու գալիքը, ունին մէկ ճամբայ՝ առաջնորդուիլ սկզբունքներով: Միայն այդ ժամանակ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պատրաստ կ՛ըլլայ յարգելու Հայաստանը եւ հայրենի իշխանութիւնները:
Միայն այն ատեն Հայաստանը իր կողքին կ՛ունենայ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը:
Հեղինակին հետ կապուելու
համար՝
Suzanne.khardalian@comhem.se