
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի «Ռոլ Քոլ» թերթին մէջ Երկուշաբթի, Փետրուար 14ին լոյս տեսած յօդուածէ մը կը տեղեկանանք, թէ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամներէն Ճին Շմիթ (Օհայօ) կը հետապնդուի, Թուրք-ամերիկեան իրաւաբանական պաշտպանութեան հիմնադրամէն ապօրինի օժանդակութիւն ստանալու ամբաստանութեամբ:
Հարցը լուսարձակի տակ դրուած է Շմիթի դէմ երկու առիթներով ընտրապայքար մղած դեմոկրատ Տէյվիտ Գրիգորեանի կողմէ, որ կը պնդէ, թէ Շմիթ ապօրինի օժանդակութիւններ կը ստանայ թրքամէտ կազմակերպութիւններէ, որոնք պայքար կը տանին ձախողութեան մատնելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւները: