
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեմհետ Ալի Շահին հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայիկ Պակուրովի հետ՝ քննելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին, Շահին համաձայն գտնուած է, որ խումբ մը թուրք երեսփոխաններ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Խոջալուի «ցեղասպանութեան» յիշատակման համար՝ ատրպէյճանցիներու կողմէ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն, որոնք կը կազմակերպուին Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ:
Նաեւ, որոշուած է, որ այդ առիթով, Թուրքիա-Ատրպէյճան միջխորհրդարանական բարեկամական խմբակի անդամ Մուսթաֆա Քապաքճը (Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն) Փետրուար 25ին ելոյթ մը ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ՝ խօսելով «հայերուն գործած Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին: Նոյն օրը, խորհրդարանին առջեւ ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ: