
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2011ին ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր «Մարդկային իրաւունքներ առանց սահմաններու» (Human Rights Without Frontiers) ոչ-կառավարական կազմակերպութեան կողմէ եւ հովանաւորուած՝ Եւրոպական խորհրդարանի ռումանահպատակ հունգար փոխնախագահ Լազլօ Թոքեշի կողմէ։
Ձեռնարկին խորագիրն էր՝ «Անլոյծ հակամարտութեան մը մարդկային հետեւանքները. Լեռնային Ղարաբաղ»։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ այլ կազմակերպութիւններու որոշ միջամտութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Լազլօ Թոքեշ փոփոխութեան ենթարկած է ձեռնարկին յայտագիրը՝ զանց առնելով Խոջալուէն ենթադրեալ փախստականի մը վկայութիւնը։
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ականատեսներու ներկայութեան, Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցները բրտութեան դիմելով՝ գրաւած են սրահի մուտքին Հայ Դատի յանձնախումբին տեղադրած լուսաբանական փաստաթուղթերը։
Ի զարմանս ներկայ ատրպէյճանցիներուն, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Լազլօ Թոքեշ նշած է, թէ մարդկային իրաւունքները նոյնն են ամէն տեղ եւ յիշեցուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի առթիւ՝ Եւրոպական խորհրդարանի Նոյեմբեր 22 2010ի լիագումար նիստին կատարած յայտարարութիւնը, ուր ան կոչ ուղղած էր Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Երժի Պուժեքին, որ իր կարգին՝ դիմէ Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով։
«Մարդկային իրաւունքներ ա-ռանց սահմաններու»ի տնօրէն Ուիլի Ֆոթրէյի եւ իրաւաբան Սքոթ Քրոզպիի ելոյթները, որոնք հարեւանցի անդրադարձան Արցախի հակամարտութեան, փակեցին ձեռնարկը, առանց հարց-պատասխանի առիթ տալու ներկաներուն։