
Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան կազմակերպութեամբ, տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Ամենայն Սիրով» խորագրեալ նորատիպ բանաստեղծութիւններու հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունուար 2011ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Պատուոյ հիւրերու կարգին ներկայ էր նաեւ նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեան:
Յանուն Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան, շնորհահանդէսին բացումը կատարեց բանաստեղծ-գրաքննադատ Գէորգ Քրիստինեան եւ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը միշտ ալ սիրած ու գնահատած է բանաստեղծութիւնը ու քաջալերած իր բանաստեղծ զաւակները: Ապա, նոյն միութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը յիշեցնելէ ու «Հրանդ Սիմոնեան» գրական մրցանակին մասնակցելու հրաւէր ուղղելէ ետք ներկաներուն, Քրիստինեան բեմը յանձնեց օրուան հանդիսավարին:
Գաղութիս յայտնի մտաւորականներէն, կուսակցական-հասարակական գործիչ տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան, նախքան յայտագիրին ընթացք տալը, իրեն յատուկ պերճախօսութեամբ ըսաւ. «Վարդան բժշկական դասուն մէջ կը մարմնաւորէ Հիբոկրատի սահմանած տիպարը բժիշկի: Տոքթ. Վարդան Թաշճեան իր մասնագիտութեան ճամբով ծառայած է ու կը շարունակէ ծառայել իր համայնքին, իր հիւանդներուն, ազգին ու մարդկութեան՝ վաստակելով անբասիր, երախտաշատ վաստակ, յարգանք, պատկառանք»:
Տոքթ. Քէշիշեան անցնելով յայտագիրի գործադրութեան՝ խօսքը տուաւ «Նոր Հայաստան» օրաթերթի հրատարակիչ-խմբագիր Վահան Վահանեանին:
Վահանեան արագ ակնարկով մը նշելէ ետք տոքթ. Թաշճեանի՝ Պէյրութի ուսանողական տարիներէն թէ՛ հայ եւ թէ ֆրանսական բանաստեղծութեանց հանդէպ սնուցած բուռն սէրը, այդ սիրոյն արտայայտութիւնը համարեց «Ամենայն սիրով» բանաստեղծութիւններու այս հատորը եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերով աւարտեց իր խօսքը:
Ապա, «հայ բեմերու փնտռուած զարդ» Վարդուհի Գոճայեանը ապրումով կարդաց տոքթ. Թաշճեանի բանաստեղծութիւններէն «Սեւանայ լիճ»ին նուիրուած կտորը ու քանի մը քառեակներ արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
«Element» նուագախումբի ղեկավար Արա Տապանճեան կիթառով ընկերակցեցաւ շնորհալի երիտասարդ երգիչ, թենոր Վահէ Կարապետեանին, որ երկու բաժիններով երգեց չորս երգ, որոնցմէ երեքը տոքթ. Թաշճեանի կողմէ գրուած սիրերգական բանաստեղծութիւններ էին, եւ որոնք երգի վերածուած էին երգահան-երաժիշտ Արմէն Մանդակունեանի կողմէ:
Հեղինակին դուստրը՝ Մարիէթը, անգլերէնով կարդաց իր հօր մէկ բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած էր 1995ին Պոսթընի մէջ կայացած Բժշկական 6րդ համագումարին: Բանաստեղծութիւնը անգլերէնի թարգմանուած էր տոքթ. Վաչէ Ղազարեանի կողմէ:
Իբրեւ օրուան գլխաւոր զեկուցաբեր, Սարգիս Մաճառեան մանրամասն կերպով նկարագրեց հատորին ներքին դասաւորումները եւ բաժինները, ներկայացուց անոր ընդգրկած բանաստեղծութիւնները՝ մէջբերումներ կատարելով անոնցմէ: Ապա ըսաւ. ««Ամենայն Սիրով» վերնագրեալ բանաստեղծութիւններու իր ներկայ հատորով, տոքթ. Վարդան Թաշճեան խոնարհաբար, համեստօրէն, նոյնիսկ պիտի ըսէի՝ ամչկոտ երկչոտութեամբ, մուտք կր գործէ հայ գրականութեան զինուորագրուած ու ստուար թիւ կազմող նուիրեալներու բանակի շարքէն ներս: Անոնց, այդ նուիրեալներուն գրիչէն ելած երգերը, իրենց յղացմամբ եւ կատարմամբ եթէ նոյնիսկ չեն բերեր տաղանդի մը վկայութիւնը, եզակի ինքնութեան մը դրոշմը, այսուհանդերձ կը բերեն ազնուական հոգիով, պարզութեամբ, համեստութեամբ հայ գիր ու բանով տրոփող սրտի մը, թրթռուն հոգիի մը կայծկլտումներն ու հեւքերը: Այդ երգերուն եթէ նոյնիսկ կը պակսին լեզուի, ոճի, բանաստեղծական շարադրանքի գեղագիտական բարձր մակարդակ, սակայն կը մատուցանեն խոհի, զգացումի եւ իմաստի ցոլքերով լուսաւորուած բանաստեղծական խօսքի ջերմիկ շերտեր»:
Անոր խօսքով, Վարդան Թաշճեանի հատորը կազմող մեծ ու պզտիկ քերթուածներն ու քառեակները, ամենապահանջկոտ գրական արուեստի քննադատին իսկ կը պարտադրեն որ սիրտը լայն բանայ ու ընկալէ զանոնք, եւ օգտապաշտական անկիւնէ դիտէ ու արժեւորէ այս հատորը: Բանախօսը եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց ներկաներն ու Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութիւնը, սոյն շնորհահանդէսի կազմակերպման առթիւ, ինչպէս նաեւ՝ տօքթ. Վարդան Թաշճեանը, որ «իր գրական երախայրիքը եղող «Ամենայն սիրով» բանաստեղծութիւններու հատորով այս երեկոյի իմացական խնճոյքը պարգեւեց մեզի»:
Վաստակաւոր կրթական գործիչ եւ գրող Կարօ Պետրոսեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը հին դարերէն սկսեալ միշտ ալ սիրած ու իր հոգիին մէջ առաջնակարգ տեղ վերապահած է բանաստեղծներուն ու բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն: Այդ սէրը եկած, հասած է մինչեւ մեր օրերը:
Ապա, տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն, որուն օրհնութիւնը կատարեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող Աշոտ քհնյ. Քամպուրեան:
Տոքթ. Վարդան Թաշճեան, շնորհակալութեան կարճ, բայց խօսուն եղանակով մը եզրափակեց շնորհահանդէսը:
Գրական այս երեկոյին հետեւեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն: