ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին անգլիատար տարբերակը՝ «Տէյլի Նիուզ»ը, Ուրբաթ, Փետրուար 18ին հաղորդեց, թէ Պոլսոյ 10րդ վարչական դատարանը Հրանդ Տինքի ապահովութիւնը չերաշխաւորելու եւ անոր սպանութիւնը կանխարգիլելու համար բաւարար քայլերու չդիմելու հարցով մեղաւոր նկատած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը՝ պահանջելով անկէ, որ 110,000 լիրա (մօտաւորապէս 70,000 տոլար) վնասուց հատուցում վճարէ։
Դատարանի որոշումը կը հետեւի Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի այն որոշումին, ուր կը շեշտուէր, թէ ոստիկանութիւնը իր տարրական պարտականութիւնը չէր կատարած Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Պոլսոյ դատարանը եւս խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը, իր պարտականութեան մէջ նման թերացում արձանագրելուն համար:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ վերոնշեալ հայցը ներկայացուցած էին Տինքի փաստաբանները՝ Հ. Տինքի եղբայրներուն անունով, եւ պահանջած, որ նախարարութիւնը փոխհատուցում վճարէ:
Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին, իր կարգին յայտնած է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ մեղաւոր ճանչցուելէ ետք, Թուրքիոյ ներքին իրաւական կառոյցին մէջ ընդունուած այս որոշումը եւ ապահովութեան մարզի 28 բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու շուրջ հետաքննութիւն կատարելու Պոլսոյ դատախազութեան վերջին որոշումը՝ կենսական նշանակութիւն ունին։