«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Քուէն ուժ է»: Ուժ է, եթէ անոր տէր կանգնող կայ, եթէ անոր անկաշկանդ ու անխարդախ կենսագործման պայմանները երաշխաւորուած են:
Հայաստանի մէջ վերջին քսանամեակին, քուէարկութենէ քուէարկութիւն, ընտրական գործընթացը վարկաբեկուած է ամէն տեսակի կեղծիքի ու խարդախութեան գործադրութեամբ, եւ նկատի առնելով երկիրի ուժի լծակներուն տիրող մարդոց ամէն գնով իշխանութեան կառչած մնալու մոլուցքի ահագնութիւնը՝ քաղաքացին կարծես այլեւս հրաժարած է իր իրաւունքին տէր կանգնելու գաղափարէն ու իր ճակատագիրը յանձնած է բախտի քմայքին:
Քաղաքացիի ազատ կամքի շարունակական բռնաբարումին պատճառով, այսօր Հայաստան կը կառավարուի պետական բոլորովին վարկաբեկուած մարմիններով, նախագահով, Ազգային ժողովով ու սահմանադրական դատարանով:
Այս վիճակը, պարզ է, որ ամբողջական բարոյալքման կ՛առաջնորդէ հայրենի բնակչութիւնը. բան մը, որ կարելի չէ հանդուրժել, յատկապէս, երբ մեր թշնամին որեւէ ժամանակ կրնայ խուժել մեր սահմաններէն ներս, երբ մեր ազգային անվտանգութեան իսկ հրամայականներով կարիք ունինք մեր ուժերու գերլարումին, կարիք ունինք անկախ, ազատ մարդու սեփական արժանապատուութիւնը, հողն ու պատիւը պաշտպանելու կորովի ու վճռականութեան ամրապնդման:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յուսահատութեան գիրկը ինկած զանգուածին ելքի ճանապարհ մը ցոյց տուաւ երէկ՝ յայտարարելով քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան իր ծրագիրը:
Ահա պատմական առիթ մը՝ Հայաստանի ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն, նաեւ այն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք մինչեւ այսօր որեւէ քաղաքական ուժի մէջ չեն գտած իրենց գաղափարներու կրողն ու պաշտպանը՝ միանալու ու միասնաբար պայքարելու յանուն մէկ նպատակի՝ սեփական կամքի օրինական դրսեւորումը նկատուղ քուէին տէր կանգնելու: