ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի գնահատումով, իշխանական միացեալ կառավարութեան Փետրուար 17ին ստորագրած յուշագիրով վերահաստատուեցաւ ընտրական դաշինքը:
«Ազատութեան» հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռուստամեան յայտնեց, թէ իշխանութիւնը շատ լաւ կը հասկնայ, որ իր վերարտադրութիւնը շատ դժուար պիտի ըլլայ, ուստի նման դաշինք մը կազմելով՝ կը փորձէ պահել իշխանութիւնը:
Արմէն Ռուստամեան անհեթեթութիւն որակեց յուշագիրին մէջ տեղ գտած այն ձեւակերպումները, ըստ որոնց, իշխող կառավարութեան ուժերը նպատակ չունին իրենց մէջ ուժերու փոխյարաբերակցութիւնը փոխել, եւ թէ անոնք պիտի փորձեն յաջորդ խորհրդարանին մէջ աւելցնել իրենց ներկայացուցիչներուն թիւը:
«Այսօր այդ նոյն քոալիցիոն քաղաքական ուժերը հարիւրից աւել պատգամաւոր ունեն: Այսինքն՝ էլ որտե՞ղ աճեն, ո՞ւմ հաշուին աճեն: Այսինքն՝ այս երկրում ընդհանրապէս ընդդիմութիւն չլինի՞: Սա քաղաքական դաշտի ամբողջական մոնոփոլիզացիայի (մենաշնորհութեան) խնդիր է, որ լուծւում է», կարծիք յայտնեց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի եւ «Օրինաց Երկիր»ի միջեւ երէկ ստորագրուած յուշագիրը սուր քննադատութեան ենթարկեց նաեւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
«Այս պայմանագրի ստորագրումը համարում եմ խիստ բացասական՝ մեր քաղաքական դաշտի համար, որովհետեւ սրանով իշխանութեան դաշտում ստեղծւում է տիքթաթուրա (բռնապետութիւն), թոթալիթարիզմ (ամբողջատիրութիւն), որից չի շահելու մեր ժողովուրդը, չի շահելու մեր քաղաքական դաշտը», յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:
Արմէն Ռուստամեան, իր կարգին, նշեց, թէ Դաշնակցութիւնը այդ օրն իսկ պիտի սկսի ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան հասարակական շարժումի: Յառաջիկային, կուսակցութիւնը կը ծրագրէ աշխոյժ հանդիպումներ ունենալ հասարակութեան բոլոր շերտերուն հետ՝ բացատրելով, որ իրենց ձայները վաճառելով կամ տուն նստելով, ընտրութիւններուն չմասնակցելով ու ընտրակեղծիքներուն դէմ չպայքարելով՝ միայն նպաստած կ՛ըլլան իշխանութիւններու վերարտադրութեան:
Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին համոզումով, վերոնշեալ շարժումը առաւել կարեւոր կը համարուի իշխանական դաշտին մէջ ձեւաւորուած դաշինքի երեւոյթին համար: «Հիմա ընդդիմութիւնը, բնականաբար, պէտք է այս ամէն ինչից եզրակացութեան գայ: Կայ յստակ իշխանական բեւեռ: Ընդդիմութեան գործն է ըստ էութեան հեշտանում, որովհետեւ պայքարի կողմերը պարզ են, մնում է, որ ընդդիմութիւնը կարողանայ մարտավարական ճիշդ մօտեցումներ որդեգրելով՝ ստեղծուած իրավիճակում աւելի ճիշդ կողմնորոշուի, ժողովրդին ճիշդ կողմնորոշի, որ յստակ լինի՝ ովքեր, որ դժգոհ են, հէնց այդ պլոքին պէտք է ձայն չտան», պարզաբանեց Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով. «Այս է խնդիրը: Առնուազն պէտք է դրան հասնենք: Իսկ դրա համար ընտրողները պէտք է նախ իրենց ձայնը կարեւորեն: Մեզ համար՝ այս շարժման համար, կապ չունի, թէ ո՞վ՝ ո՞ւմ վերջում ձայն պիտի տայ: Դա ամէն ընտրող թող իր համար որոշի»:
Պատասխանելով այդ հարցումին, թէ՝ հնարաւո՞ր է, որ Դաշնակցութիւնը ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան հարցով համագործակցի նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ Ազգային Կոնգրեսին հետ՝ Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Բոլորի հետ ենք հնարաւոր համարում, բոլորի՛»: