Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կռթալ կամ զկռթալ (belch, belching) կը նշանակէ՝ ստամոքսին օդը կոկորդէն եւ բերնէն դուրս արտահանել: Այս գործողութիւնը կը կոչուի կռթոց կամ զկռթոց:
Բնական պայմաններու մէջ բոլորս ալ ուտելու եւ խմելու ընթացքին քիչ քանակութեամբ օդ կը կլլենք (aerophagia): Կուտակուած օդին մեծ մասը ընդհանրապէս յետադարձութեամբ (reflux), մեղմօրէն եւ կամ ուժգնութեամբ ստամոքսէն կը մղուի դէպի որկոր եւ բերան: Այս գործողութիւնը կը կոչուի կռթալ, զկռթալ կամ բղկալ, որ կը նկատուի բնական երեւոյթ: Կլլուած օդին մէկ մասը կը մտնէ բարակ աղիքներ եւ ներծծուելով (absorb) անոր պատերէն կը մտնէ արեան շրջանառութեան մէջ: Օդ պարունակող արիւնը կը հասնի թոքեր եւ հոն տեղի կ՛ունենա՛յ օդի արտահանումը թոքերէն դուրս:
Զկռթոցը կը նկատուի հիւանդագին երեւոյթ երբ ան ըլլայ մնայուն-շարունակական: Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յառաջանայ անզգալաբար բնականէն շատ աւելի օդ կլլելով, որ կը պատահի հետեւեալ պատճառներով՝
1. Ջուրը եւ բոլոր հեղուկները արագօրէն խմելով,
2. Պառկած հորիզոնական վիճակի մէջ ուտելով եւ խմելով,
3. Ծամոցի գործածութեամբ,
4. Սիկարէթի երկարատեւ գործածութեամբ,
5. Կարծր շաքարեղէններ ծծելով,
6. Կազ պարունակող զովացուցիչներ խմելով,
7. Անձկալից եւ ջղագրգիռ վիճակ ունենալով,
8. Կամովին արագ շնչառութեամբ.
9. Առատ լորձունքի արտադրութեամբ,
10. Որկորա-ստամոքսային յետադարձռւթեան գոյութեամբ.
Զկռթոցի ընթացքին ստամոքսի պարունակութիւնը կրնայ օդին հետ միասին հասնիլ ըմբան ու բերան:
Բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ կլլուած օդը կը լայնցնէ եւ կ՛ուռեցնէ ստամոքսը: Այս ընդլայնումը կը պատճառէ փքուածութիւն (distention, bloating) եւ փորի ցաւ: Զկռթոցով կը մեղմանայ փքուածութիւնը եւ փորի ցաւը: Ուրեմն՝ փքուածութեան անմիջական պատճառը ստամոքսին օդով ընդլայնումն է:
Զկռթոցի ընթացքին որկորի վարի բերանը կը բացուի սեղմիչ մկաններու (constrictors) թուլացումով, ստոծանին (diaphragm) կը մղուի դէպի վար եւ խռչափողի երկու իրական ձայնալարերը իրարու մօտենալով կը խցեն խռչափողը, որպէսզի ստամոքսի պարունակութիւնը ըմբան հասնելէ ետք չմտնէ խռչափող: Սակայն հազուագիւտ պարագաներուն ձայնալարերը իրարու չեն մօտենար եւ խռչափողը կը մնայ բաց վիճակի մէջ: Այս պարագային ստամոքսէն բերան հասած ստամոքսային պարունակութիւնը շատ դիւրաւ կ՛ուղղուի դէպի խռչափող եւ թոքեր: Այս կացութիւնը կրնայ ստեղծել շնչառութեան դժուարութիւն եւ թոքերու բորբոքում:
Վերոյիշեալ հիւանդագին եւ ոչհիւանդագին զկռթոցը կը պատահի ակամայ:
Սակայն կան անհատներ, որոնք կրնան կամովին (voluntary) զկռթոց ունենալ եւ այդ՝ շարունակաբար օդ կլլելով:
Բոլոր պարագաներուն զկռթոցը կրնայ դառնալ յոգնեցուցիչ եւ անհաճոյ երեւոյթ մը:
Զկռթոցը կարելի է հակակշռել հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Հրաժարիլ օդ կլլելու սովորութենէն,
2. Հրաժարիլ կամովին զկռթալէ,
3. Ուտել եւ խմել նստած վիճակի մէջ եւ դանդաղօրէն,
4. Շատ ծամոց եւ սիկարէթ չգործածել,
5. Ապրիլ ուրախ լաւ տրամադրութեամբ եւ հեռու անձկութենէ,
6. Արագ չշնչել,
7. Լորձնքաբեր գեղձերը գրգռող կերակուրներ չուտել որպէսզի առատ լորձունք չարտադրուի բերնին մէջ,
8. Դարմանել ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւնը,
Փքուիլ (distend, bloat) կը նշանակէ՝ օդով եւ կամ կազով ուռիլ, ընդլայնիլ: Այս գործողութիւնը կը կոչուի փքուածութիւն: Փորի փքուածութիւնը հիմնականօրէն ստամոքսի եւ կամ աղիքներու օդով կամ կազերով ընդլայնումն է:
Փորի փքուածութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւով՝
Ա. Երկարատեւ-մնայուն, որ հետեւանքն է՝
ա. Ներորովայնային հեղուկի, որ կը պատահի զանազան ներորովայնային հիւանդութիւններու պատճառով.
բ. Ներորովայնային ուռերու եւ ճարպի.
գ. Ներորովայնային ծաւալած օրկաններու.
Բ. Անցողակի-ժամանակաւոր, ուր փքուածութիւնը կ՛ըլլայ ընդհատումներով:
Ժամանակաւոր փորի փքուածութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան պատճառներով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
ա. Կլլուած օդ, որուն մեծ տոկոսը կը կուտակուի ստամոքսին մէջ եւ պզտիկ մէկ տոկոսը ստամոքսէն անցնելով կը հասնի բարակ աղիքներ.
բ. Առատ կազի արտադրութիւն աղիքներու մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով՝
1. Սննդանիւթերու ոչ-ամբողջական մարսում.
2. Ցպիկներու բնականէն աւելի մեծ թիւով ներկայութիւն աղիքներու մէջ.
3. Աղիքներու խցում, որ տեղի կ՛ունենայ՝
1. Ներաղիքային բոլիբներով,
2.Ներաղիքային խլիրդով,
3.Աղիքային բորբոքումներով,
4.Աղիքային հանգոյցներով,
5.Աղիքներու անբնական գործունէութեամբ, ծուլութեամբ եւ գրգռութեամբ.
Փորի փքուածութիւնը կ՛անհետանայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Մնայուն փքուածութեան պարագային՝
Դարմանել հիմնական ախտապատճառները.
2. Ժամանակաւոր փքուածութեան պարագային՝
Հետամուտ ըլլալ բնականէն աւելի աղիքային կազեր չունենալու, այսինքն՝
ա. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի,
բ. Դարմանել ներաղիքային բոլոր հիւանդութիւնները դեղերով եւ վիրաբուժութեամբ:
Մոնթրէալ, 10 Փետրուար, 2011