«Տոլորէս Զօհրապ Լիպման» հիմնադրամը որոշած է նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ հետեւեալ նիւթերով հրատարակչութեանց.
– Վարդապետական աւարտաճառեր հայագիտական նիւթերու մասին.
– Հայ պատմաբաններու հայոց հին պատմութեան երկեր.
– 19րդ դարու եւ աւելի վաղ շրջանի հայ գրականութեան երկեր:
Ներկայացուող աշխատասիրութիւնները կրնան ըլլալ հայերէն կամ անգլերէն: Եթէ գործը հայերէնով է, ապա անոր պէտք է ընկերանայ անգլերէն որակաւոր թարգմանութիւնը:
Դիմումները ներկայացնել Ապրիլ 15էն ու Նոյեմբեր 15էն առաջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներ ստանալու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝
Liebmann Fund-Publications
c/o Mr. M. Haigentz
1518 11th Street
Fort Lee, NJ 07024
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.