ԱԼԹԱՏԻՆԱ, «Նոր Օր».- Փետրուար 9ին, ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ՍԴՀԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի վարիչ մարմինին հետ, ՌԱԿի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ, քննելու համար գաղութային եւ համահայկական անմիջական հարցեր: Քոյր կուսակցութիւնները որոշում կայացուցին միատեղ գործակցութեան՝ գաղութի եւ հայրենիքի քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներէ ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.