Ծերունազարդ, բայց գրիչով ու հոգիով մի՛շտ երիտասարդ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, իր նորագոյն հատորով՝ «Լիլոյշ-ա-տոչոր»ով, գրական գեղարուեստի գեղեցիկ երեկոյի մը առիթը ստեղծեց Կիրակի, 20 Փետրուարի երեկոյեան, Փասատինայի «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ։ Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ բանաստեղծութիւններու այս հատորին ներկայացման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին, ներկաները հաղորդակից դարձան ոչ միայն այս հատորի, այլ նաեւ բանաստեղծին գրական վաստակի մթնոլորտին՝ ընդհանրապէս։
Կազմակերպիչները չէին հետեւած ընդհանրացած սովորութեան, այլ գրասէր ներկաները հիւրասիրեցին գրական երեկոյին սկսումէն առաջ, սեղաններու շուրջ, ինչ որ ծառայեց մտերմիկ մթնոլորտի յառաջացման եւ… ուշացումներու կանխարգիլման։
Ժագ Ս. Յակոբեան գրողը, վաստակը եւ հիմնական արժանիքները ներկայացուց Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։ Ան կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ այս հեղինակը մեր գրական կեանքին մէջ ներկայութիւն է աւելի քան 70 տարիներէ ի վեր, արտայայտուած է արձակով, թատերական գործով ու մանաւանդ բանաստեղծութեամբ, որ իր քնարին գլխաւոր լարն է եղած։ Բանախօսը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ բանաստեղծին արժանիքներէն մէկ քանին, ու առաջին հերթին՝ մեր լեզուին հաւատարմութեան ու բարելաւման անոր յանձնառութիւնը, ձգտումը։
Հատորին ներկայացումը կատարեց վաստակաւոր ուսուցչուհի Լօրա Գույումճեան։ Ան գիրքը բնութագրեց իբրեւ սիրոյ զգացումներ մարմնաւորող մատեան, բովանդակութիւնը ձօն մըն է բանաստեղծին սիրոյն կիզակէտին՝ տիկնոջ, որուն հետ իր կեանքը միաձուլելէ առաջ, ան ապրած է մտերմութեան ու տենչանքի տարիներ, իսկ ընտանիքի հաստատումէն ետք, այս զգացումը զարգացած է խորացումէ խորացում, թռիչք տալով անոր գրիչին։ Հատորին քիչ մը տարօրինակ խորագիրը բացատրելով, ան յայտնեց, թէ բանաստեղծը փաղաքշական անուն մը տուած է իր տիկնոջ՝ Ազատուհիին, զայն անուանելով իր առաջին սէրէն մնացած անունէ մը «բաղադրեալ» կոչումով մը՝ Լիլոյշ (չմոռնանք, որ բանաստեղծը մասնագիտութեամբ դեղագործ է, գործ ունեցած է տարբեր բաղադրութիւններու հետ…)։ Եթէ ընթերցէք այս բանաստեղծութիւնները, ըսաւ Լօրա Գույումճեան, մանաւանդ իգական սեռի ներկայացուցիչներ պիտի ունենան այն ցանկութիւնը, որ մէկը իրե՛նց մասին ալ նման էջեր արձանագրէր ու գրականութեան աշխարհին մէջ վերապրեցնէր զիրենք…
Լ. Գույումճեան խօսեցաւ գիրքին ներքին բաժանումներուն մասին. նախաբանէն, սիրելիին ուղղուած առաջին նամակներէն, 2009ին ստեղծագործուած երեք բանաստեղծութիւններէ ու յուշատետրէն (1940էն 1947 տարիներուն) փրցուած էջերէ ետք, հատորը կը զարգանայ երեք հանգրուանով. առաջինը խորագրուած է «Մեծ Օր»էն Առաջ-Սիրատոչոր, երկրորդը՝ «Մեծ Օրը»-Պսակազարդ, եւ երրորդը՝ «Մեծ Օր»էն ետք-«Աս չէ՞ Հոս չէ՞…»։ Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ «Մեծ Օր»ը զոյգին պսակադրութեան օրն է, ընթերցողը արդէն ընդհանուր գաղափար մը կ՛ունենայ թէ ինչպիսի զգացումներու, եւ ապրումներու ինչպիսի՛ զարգացումի մը պտուղն են բանաստեղծութիւնները։
Ընթացիկ սովորութիւն է, որ գիրքի մը ներկայացման զուգահեռ, անոր էջերէն ուշագրաւ բաժիններ հրամցուին գրասէր հանդիսականին։ Այդ երեկոն այլապէս ալ յիշատակելի էր, որովհետեւ ընթերցումները կատարեցին երեք պատանի ու պարման աշակերտներ, ապրումով ու գեղեցիկ՝ հայադրոշմ առոգանութեամբ։ Անոնք հարազատօրէն վերակազմեցին բանաստեղծին զգացումներու աշխարհը, յիշեցնելով, որ պատանեկան ու երիտասարդական նման ապրումներ տարիք չեն ճանչնար, տարիքի անջրպետը կ՛անէանայ պատանի ընթերցողին ու ծերունազարդ բանաստեղծին միջեւ, նոյնինքն բանաստեղծին կեանքի տարբեր փուլերո՛ւն միջեւ. ունկնդիրն ու հատորին ընթերցողը այս ճշմարտութեան հաղորդակից կը դառնան, կարդալէ ետք անոր բովանդակութիւնը։
Արուեստով պարուրուած երեկոյթին եզրափակումը կատարեց ինք՝ Ժագ Ս. Յակոբեան. հակիրճ խօսքով մը՝ ան շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատանք արձանագրեց կազմակերպիչներուն, յայտագիրը մարմնաւորողներուն, ապա, իբրեւ կնիք՝ իր հնչեղ ու կայտառ ձայնով ընթերցեց քանի մը կտոր, գործնապէս մերժելով տասնամեակներու ձեւական պարտադրանքը։
Ներկաները նաեւ իմացան, որ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է նմանօրինակ հատոր մը եւս, եւ նախորդին՝ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» հատորին եւ «Լիլոյշ-ա-տոչոր»ին հետ, պիտի կազմէ երրորդութիւն մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.