ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճան այցելող Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերական «Roketsan» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Եավուզ Աքա Չորեքշաբթի, Մարտ 2ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան ճարտարարուեստի նախարարութեան հետ ստորագրուած նոր համաձայնութեան մը շնորհիւ, 107 մմ. ու 122մմ. «Սաքարիա» տիպի հրթիռարձակներ պիտի սկսին արտադրուելու Ատրպէյճանի մէջ՝ հանդիսանալով նոր էջ մը երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան պատմութեան մէջ:
Ըստ անոր, հրթիռարձակներու ու հրթիռներու որոշ մասեր Թուրքիոյ մէջ, իսկ որոշ մասեր ալ Ատրպէյճանի մէջ պիտի արտադրուին, իսկ հրթիռարձակները վերջնականապէս Ատրպէյճանի մէջ պիտի կազմուին ու պիտի գործածուին երկու երկիրներու բանակներուն կողմէ:
Կողմերը կը քննեն նաեւ 160 մմ. հրթիռներ միասնաբար արտադրելու կարելիութիւնը: