ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 2ին հանդիպում մը ունեցած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ կուսակցութեան անդամներուն հետ ու քննարկած հանրապետութեան կենսագործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահը կարեւոր համարած է խորհրդարանին մէջ ընդգրկուած քաղաքական ուժերուն դերը այդ հարցերու լուծման գործին մէջ եւ ընդգծած անոնց միջեւ համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը: Նախագահը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ բանակ-հասարակութիւն կապերու ընդլայնման վրայ:
Բակօ Սահակեան յայտնած է, թէ նման ձեւաչափով քաղաքական խորհրդակցութիւնները պիտի կրեն պարբերական բնոյթ: