ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը Չորեքշաբթի, Մարտ 2ին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան Երկուշաբթի օրուան նիստէն: Ինչպէս հաղորդած էինք, դատավարութիւնը նոր հանգրուան մը մտաւ, երբ ոճրագործ Օկիւն Սամասթ սկսաւ դատուելու անչափահասներու ատեանին կողմէ։
Դատաւորը Սամասթին հետ խօսելու սկսած է՝ գործածելով «ոճիրի առաջնորդուած երեխայ» բառերը։ Սամասթ ըսած է, որ չորս տարի առաջ արդէն ըրած էր իր ինքնապաշտպանութիւնը, եւ նոյնն է, զոր կը կրկնէ այս անգամ եւս:
Սամասթ ուզած է ունկնդիրներ կամ գոնէ լրագրողներ չընդունիլ նիստին ընթացքին, բայց դատակազմը մերժած է այս առաջարկը։ Որոշ լրագրողներ, որոնք նիստի սկզբնական մասին ներս չէին առնուած, աւելի վերջ ընդունուած են։
Սամասթ դատավարութեան ընթացքին անգամ մը եւս պնդած է, թէ ամբաստանեալ Եասին Հայալն է, որ զինք մղած է այս ոճիրին: Ան ըսած է, որ Եասին իրեն «զա՛րկ» ըսած էր, ինք ալ զարկած էր։ Ան աւելցուցած է, թէ Եասինն էր, որ ատրճանակը լեցուն վիճակով տուած է իրեն ու ըսած է, որ կռնակէն ու ծոծրակէն կրակէ Տինքի վրայ։
Սամասթ նաեւ յայտնած է, թէ ինք միջնակարգի տարիներուն ծանօթացած է Եասին Հայալի:
Իր կարգին, Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին նիստէն ետք յայտարարեց, թէ Սամասթի վկայութեան մէջ պէտք է նկատի առնուի անոր կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Տինքը սպաննելէ ետք, Սամասթ մտահոգ էր ինքնիր ապահովութեամբ: Ան այդ հաստատումը կատարած էր վարչապետական հետաքննիչ յանձնախումբին: