
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն (Դ., Քալիֆորնիա) Երեքշաբթի, Մարտ 5ին կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, որ հակադարձէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց պատերազմական շարունակական սպառնալիքներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի օրուան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ժողովին առջեւ Քլինթընի տուած վկայութեան ընթացքին, Պրետ Շըրմըն աւելցուցած է, թէ ամերիկեան իշխանութիւնները աւելի առաջ անցնելով՝ պէտք է մանրամասնեն այն «լուրջ հետեւանքները», զորս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի կրեն, եթէ շարունակեն սպառնալ Արցախի տագնապը զէնքի ուժով լուծել:
Քլինթըն Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի յանձնախումբերուն առջեւ վկայութիւններ կու տայ արտաքին քաղաքականութեան ամավարկային առաջնահերթութեանց մասին: Կ՛ակնկալուի, որ ան այս հարցումներուն գրաւոր պատասխաններ փոխանցէ:
Յիշեցնենք, թէ Ատրպէյճանի «պաշտպանութեան» ծախսերը աւելի քան 3 միլիառ տոլարի հասած են այս տարի, եւ կ՛ակնկալուի, որ երկրին մէջ զէնքերու տեղական արտադրութիւններուն զարկ տալու նպատակով ծախսուի յաւելեալ 1.32 միլիառ տոլար գումար մը: Ատրպէյճանի ռազմական ամավարկը նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ երկրորդ ամենամեծն է ու ետ կը մնայ միայն Ռուսիայէն: