ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Հինգշաբթի օր կատարուած է սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի նուիրուած հաղորդաշարի մը ծանօթացումը, որուն բացայայտ նպատակն է՝ այդ շրջանի պատմութիւնը վարդագոյն ակնոցներով դիտել տալ, տխրահռչակ այդ սուլթանի ժամանակաշրջանին արիւնալի պատմութիւնը «գեղեցկացնելու» յոյսով: Արիւնարբու սուլթանին վարկը պաշտպանելու պարտականութիւնը յանձնուած էր փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչին, որ ըսաւ. «Եթէ այսօր, Ուրբաթի աղօթնքերուն մէջ կը յիշուի նաեւ Ապտուլհամիտը, եւ եթէ ան կայսրութեան ամէնէն դժուարին մէկ շրջանին կրցած է կառավարել 33 տարի, ապա թող ամօթ զգան անոնք, որոնք Ապտուլհամիտը «Կարմիր Սուլթան» կ՛անուանեն»: Կը թուի նաեւ, թէ Արընչ գոհունակութեամբ ստանձնած է այս բեռը, ու կը պնդէ, թէ անոր միջոցաւ երկիրին երիտասարդները իրենց պատմութիւնը աւելի լաւ պիտի ճանչնան:
Որքա՞ն լրջութեամբ կարելի է մօտենալ կառավարութեան մը, որուն փոխվարչապետը ստանձնած է Օսմանեան կայսրութիւնը «Եւրոպայի հիւանդ մարդը» դարձուցած ու կայսրութեան հարիւր հազարաւոր քաղաքացիները ջարդելու հրահանգ տուած սուլթանին վարկը պաշտպանելու պարտականութիւնը: