Առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի կողմէ կազմակերպուած պարման-պարմանուհիներու տարեկան 40րդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 20ին, «Պիլթմոր» պանդոկի «The Crystal Ballroom» սրահին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ: Ներկայ էր նաեւ նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ 40 տարի առաջ եղած էր նախաձեռնողը այս ձեռնարկին:
Հանդիսավարն էր Մարիա Մեհրանեան, որ 2004-2008 տարիներուն ատենապետն էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Ձեռնարկի ընթացքին համայնքին ներկայացուեցան 16 երիտասարդուհիներ եւ անոնց իրագործումները: