ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի համայնքային համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ հայերէնի երկու դասընթացքներ պիտի տրամադրուին համալսարանէն ներս:
Ապրիլ 30էն Յունիս 3 երկարող ժամանակաշրջանին տրամադրուելիք սոյն դասընթացքներէն առաջինը՝ «Խօսակցական սկսնակ հայերէն»ն է, իսկ երկրորդը՝ «Սորվէ՛ հայերէն Այբուբենը»: Առաջինը պիտի դասաւանդուի եւ պիտի տրամադրուի Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:30էն 11:30, իսկ երկրորդը՝ դարձեալ Շաբաթ օրերը, կ.ե. ժամը 12-2, համալսարանի «Garfield Campus»ի թիւ 123 սենեակին մէջ:
Նիւթերը պիտի դասաւանդուին դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանի կողմէ, որ ուսուցչութեան 35ամեայ փորձառութիւն ունի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, դիմել (818) 240-1000, Ext. 5015 թիւին, կամ այցելել www.glendale.edu/cse կայքէջը: