Կիրակի, Փետրուար 27ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը: Արարողութեան հանդիսապետեց Վաչէ արք. Յովսէփեան:
Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ, պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր մը:
Առաջնորդին կողմէ, Վաչէ արք. Յովսէփեան առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Սեդա Մաթոսեանը, Էվըլին Ճանտիկեանը, Սու Թաքթաքեանը, Աւօ Մարգարեանը, Յակոբ սրկ. Կակոսեանը, Մայտա Կիրակոսեանը, Տիանա Դանիէլեանը, Ազնիւ Սարայտարեանը եւ Ասպետ Թաթուլեանը: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց տէր հօր անուան տօնը, դրուատեց իր մատուցած եկեղեցանուէր ծառայութիւնները եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ապա գնահատանքով արտայայտուեցաւ շքանշանի արժանացողներու երկարամեայ ծառայութիւններուն մասին եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց անոնց:
Իր կարգին, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ սիրով ընդառաջած էր իր խնդրանքին՝ պարգեւատրելու համար վերոյիշեալ նուիրեալ հաւատացեալները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վաչէ արք. Յովսէփեանին՝ իր ջերմ խօսքերուն եւ ներկայութեան համար: