ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի 2011ի առաջին ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Յունուար 29ին, «Ֆերահեան» Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 36 անդամներու ներկայութեամբ, եւ ողնայարի ու մէջքի երիտասարդ մասնագէտ, բժիշկ Խաչիկ Գայբէկեանի հովանաւորութեամբ:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերքներու կատարումէն ետք, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց սեղաններն ու սեղանակիցները եւ շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը: Ան նաեւ գնահատեց սոյն ձեռնարկը հովանաւորելու եւ ներկաներուն իր մասնագիտութենէն կենսական գիտելիքներ փոխանցելու բժիշկ Խաչիկ Գայբէկեանի այս քայլը: Ապա բժիշկը ներկայացուց ողնայարի եւ մէջքի ցաւերու մասին իր պատրաստած նիւթը:
Տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն բարերարներուն, որոնք կը հովանաւորեն միութեան ճաշկերոյթները՝ յուսալով, որ միութիւնը երկար տարիներով կանգուն կը մնայ:
Ճաշի մատակարարումէն ետք, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան գեղարուեստական յայտագիրին բացումը կատարեց՝ իր ուրախ երգերով ճոխացնելով մթնոլորտը: Ապա կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան 8 անդամներ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Զուարթ Աբէլեան՝ արտասանելով «Հին Խրճիթը» բանաստեղծութիւնը. այս ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած՝ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ միութեան կրթասիրած հիմնադրամին:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն՝ իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով վարչութեան: