
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Փետրուար 15ին եւ 17ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ հանդիպումներ ունեցան յաջորդաբար Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տէյվ Կոլոսքիի ու փոխքաղաքապետ Ճես Թալամանթեսի հետ:
Հանդիպումները կազմակերպուած էին Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ընտրական ու քաղաքական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Արմոնտ Աղախանեանի կողմէ, իսկ հանդիպումներուն իրենց մասնկցութիւնը բերած են Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն Արա եւ Շուշան Պոյաճեանները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Պըրպենքի մասնաճիւղէն Հուրի Դաւիթեան ու Նորա Պոյաճեան:
Հանդիպումները մաս կը կազմեն քաղաքի շարք մը պաշտօնատարներու հետ ծրագրուած խորհրդակցութեանց, որոնց ընթացքին պիտի քննուին քաղաքի հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր եւ որոնց շնորհիւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յուսայ ամուր կապեր հաստատել պաշտօնատարներուն եւ հայ համայնքին միջեւ:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները վերոյիշեալ երկու հանդիպումներուն ընթացքին պաշտօնատարներուն տեղեկութիւններ փոխանցած են իրագործուած եւ ծրագրուած գործունէութեանց մասին, որոնց շարքին էին՝ քուէարկողներու արձանագրութիւն, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, «Վերազարթնումի կրթանպաստ» եւ Պըրպենքի Հայկական երիտասարդական նոր կեդրոնը: Անոնք նաեւ բացատրութիւններ տուած են Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՕՄի ու ՀՄԸՄի տեղական մասնաճիւղերուն միջեւ գործակցութեան ոլորտներուն մասին:

Արմոնտ Աղախանեան կը յայտնէ, թէ այս հանդիպումներուն միջոցաւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ուզէ ցոյց տալ, թէ քաղաքի հայ համայնքը կ՛ուզէ գործօն մասնակցութիւն բերել քաղաքի գործունէութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ քաղաքը կը տօնէ իր հարիւրամեակը:
Տէյվ Կոլոսքի 18 տարիներէ ի վեր անդամ է Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդին եւ երեք առիթներով եղած է քաղաքապետ: Ան անդամակցած է շարք մը կարեւոր յանձնախումբերու, որոնց պարտականութիւնը եղած է երիտասարդութեան, անտուններու, բնակարանային ու շարք մը այլ հարցերու լուծումներ գտնել:
Իր կարգին, Պըրպենքի հրշէջներու սպասարկութեան մէջ 32 տարուան փորձառութիւն ունեցած փոխքաղաքապետ Ճես Թալամանթես, 2009ին ընտրուած էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ նախապէս եղած է քաղաքին մէջ շարք մը երիտասարդական մարզական խումբերու մարզիչ: Ան կը շարունակէ իր ուշադրութեան առարկան դարձնել երիտասարդութեան նուիրուած շարք մը ծրագիրները: