Քրիստոնէութեան պահպանման ի խնդիր պատմութեան մէջ տեղի ունեցած առաջին պատերազմին՝ 1560 տարի առաջ պատահած Ս. Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակին, Արեւմտեան թեմը, Հայաստանէն մինչեւ արտերկրի գաղութներու աւանդապահներուն նման, այս տօնը յիշատակեց եկեղեցական յատուկ արարողութիւններով ու Ս. պատարագով։
Նախատօնակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Մարտ 2ի երեկոյեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ, առաջնորդը անդրադարձաւ Ս. Վարդանի սխրագործութեան եւ օրուան խորհուրդը պատկերաւոր ձեւով բացատրելով՝ ըսաւ, որ այսօր, տարբեր մարզերու մէջ ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլանք հերոսներու, որոնք հմայք կը թողուն եւ կը սիրուին երիտասարդութեան կողմէ։ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակիցները իրենց օրերու հերոսներն էին, իսկ սպարապետ Մամիկոնեան՝ մեծագոյն հերոսը. ան քրիստոնէութեան ու ազգի հաւատարմութեան հերոսն էր, որուն յիշատակը կը պահպանենք ու կը տօնենք ամէն տարի. ան կը հանդիսանայ, պէ՛տք է ըլլայ մեր բոլորին տիպար հերոսը, մեր երիտասարդները պէտք է հետեւին անոր արիութեան ու քաջութեան օրինակին:
Միւս կողմէ, շարունակեց առաջնորդը, Աւարայրի ճակատամարտին, արձանագրուեցան նաեւ ազգադաւութեան, ուրացումի եւ դաւաճանութեան դէպքեր, որոնք կը յիշուին ցաւով։ Ան թելադրեց հեռու մնալ նման ընթացքէ ու գօտեպնդուիլ Ս. Վարդանանց նահատակութեան ոգիով, մնալ ուխտապահ՝ հաւատքի ու հայրենիքի, որովհետեւ Վարդանանք Յազկերտի դէմ իրենց պատերազմը մղեցին «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենիքի» նշանաբանով։ «Այսպիսի հերոսութիւն պէտք է ներշնչենք մեր զաւակներուն, որպէսզի անոնք ըլլան Աւարայրի պատգամին ուխտապահները», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը։
Արարողութենէն ետք, երգուեցան Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած շարականներ ու երգեր, իսկ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը ներկաներուն համար կազմակերպած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։
Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, մեր վարժարաններն ու ազգային հաստատութիւնները արձակուրդի մէջ էին։ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ ա-ռաջնորդ սրբազանին ու մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագիչն էր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որ այս առիթով կանգ առաւ Ս. Վարդանանց նահատակութեան խորհուրդին վրայ եւ անդրադարձաւ Աւարայրէն ճառագայթող բազմախորհուրդ թելադրանքներուն։ Ան նշեց, որ Աւարայրի օրերուն, Յազկերտն ու անոր բանակը երեւելի թշնամիներ էին, մինչդեռ այսօր, հաւատացեալներ կը կանգնին աներեւոյթ թշնամիներու դիմաց. իբրեւ օրինակ, ան նշեց, որ յատկապէս երիտասարդ սերունդները կը գտնուին արդի արհեստագիտութեան ու քարոզչական մեքենաներու վատ ազդեցութիւններուն տակ, նկատի ունենալով, որ համակարգիչն ու ժապաւէնները յաճախ կորսնցուցած են իրենց դաստիարակչական ու բարի ազդեցութիւնները ու անբաղձալի ներգործութիւն կ՛ունենան զանոնք օգտագործողներու կեանքերուն վրայ։ Ան մաղթեց, որ հաւատացեալներ Վարդանանց ոգիով զինուին ու դէմ կանգնին այս աներեւոյթ թշնամիներուն։
Ս. պատարագէն ետք, երգուեցան Վարդանանց տօնին յատուկ երգեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.