
Շաբաթ, Փետրուար 5ին, հայուհիներու ժամադրավայրը դարձած էր գեղեցկօրէն զարդարուած Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնը։ Երկրորդ անգամն ըլլալով, «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած էին թէյասեղան-հաւաքոյթ մը, որպէսզի ընկերուհիներ, բարեկամներ, տանտիկիններ, քով քովի գալով՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ խօսակցին, զուարճանան եւ զիրար վայելեն, միաժամանակ օժանդակելով «Սօսէ» մասնաճիւղին։
Արդարեւ, Ուրբաթ, Փետրուար 3ի ամբողջ օրը, մինչեւ ուշ գիշեր, յանձնախումբի անդամները սկսած էին թէյասեղանի յատուկ նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնի արդ ու զարդին։ Խանդավառութիւն կը տիրէր կեդրոնէն ներս. ՀՕՄուհիներու կողքին, խանդավար էին նաեւ ՀԵԴի պատանիները, որոնք վազվզելով օգնեցին, որպէսզի կարենանք կեդրոնը վերածել հրապուրիչ պարտէզի մը՝ ցանկապատով, բոյսերով, գեղեցիկ ձեռագործերով եւ ծածկոցներով։ Սրահին չորս կողմը զետեղուած էին սամավարներ՝ թէյի սպասարկութեան համար։
Թէյասեղաններու յարդարանքը յանձնախումբի անդամներուն պարտականութիւնն էր. իւրաքանչիւր անդամ ստանձնած էր սեղանի մը ձեւաւորումը։ Իւրաքանչիւր սեղան յատուկ էր իր տեսակին մէջ, տարբեր-տարբեր սպասներով, զանազան գոյներով եւ ձեւերով։
Հաճելի մթնոլորտ կը տիրէր սրահէն ներս. ներկայ էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան եւ անդամ Նովա Հինտոյեան։ Յատուկ հիւրընկալութեամբ, յանձնախումբի անդամները հիւրերը առաջնորդեցին իրենց համապատասխան սեղանները։
Վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան, բարի գալուստ մաղթեց, ապա անդրադարձաւ ՀՕՄի լանածաւալ գործունէութեան, գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք յաճախ նեցուկ կը կանգնին մասնաճիւղիս կազմակերպած ձեռնարկներուն, որպէսզի մասնաճիւղս ալ, իր հերթին, կարենայ սատարել հայապահպանման եւ հայրենասիրական աշխատանքներուն։
Հիւրասիրութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան հաճելի անակնկալներ: Առաջինը՝ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն մը, որ կարելի դարձաւ Էմմա Կարապետեանի «Մոտելլա» նորաձեւութեան կեդրոնին եւ «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիներու կատարողութեամբ։ Էմմա Կարապետեան նշեց, թէ հետաքրքրական էր տեսնել ընկերուհիներու վերաբերմունքը նորաձեւութեան հանդէպ. անոնք հագուստները հագնելով եւ ցուցադրելով՝ քաջալերեցին ներկաները, միաժամանակ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ ճոխացուցին թէյասեղանը։
Յաջորդ անակնկալը, մենաթատրոնի մասնագէտ Սեդրակ Պրոնզեանն էր, որ իր հաճելի կատակներով զուարճացուց ներկաները։
Ձեռնարկի աւարտին եղան գնահատելի նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն։
Ներկաները քաջալերական խօսքերով հրաժեշտ տուին՝ անգամ մը եւս տեսնուելու յոյսով, Մարտ 30ի Միջինքի ճաշին։
Սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մասնաճիւղիս ընկերային յանձնախումբի անդամներուն՝ ճաշի պատրաստութեան համար, ինչպէս նաեւ Էմմա Կարապետեանի «Մոտելլա» նորաձեւութեան կեդրոնին՝ հագուստներու տրամադրութեան համար, Սեդրակ Պրոնզեանին՝ մենաթատրոնին համար եւ նորաձեւութեան ցուցադրութեան մասնակցող ընկերուհիներուն։ Վարձքը կատար բոլորին։
(Թղթակցութիւնը՝ վարչութենէն)