
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ճազիրա».- Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը Ուրբաթ, Մարտ 11ին աշխուժացուցին ըմբոստներուն գրաւած տարածքներուն վերատիրանալու իրենց արշաւը, մինչ ըմբոստները օտար պետութեանց կոչ կ՛ընէին հակայարձակումները կասեցնելու նպատակով՝ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու որոշման գործադրումը արագացնելու:
Քազաֆիի ուժերը ծովէն, ցամաքէն եւ օդանաւերով ռմբակոծեցին Ռաս Լանուֆը, ուրկէ փոքր զէնքերու հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուէին, հակառակ այն իրողութեան, որ մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, թէ Քազաֆիի ուժերը քաղաքը վերագրաւած են։
Հակայարձակողականի ուժգնութեան դիմաց, ըմբոստները քաղաքին մէջ իրենց վերջին գլխաւոր անցարգելը 15-20 քիլոմեթր դէպի արեւելք փոխադրեցին, սակայն յարձակումի դիմեցին։ Անոնք յայտնեցին, որ յաջողած են Քազաֆիի ուժերը քաղաքի կեդրոնէն հեռացնել։ Քազաֆիի ուժերը սկսած են ռմբակոծելու նաեւ Ռաս Լանուֆէն արեւելք գտնուող Պրեկա քաղաքը:
Մինչ ըմբոստները Քազաֆիի ծննդավայր Սըրթ քաղաք հասնելու վճռակամութիւն յայտնեցին, Քազաֆիի որդին՝ Սէյֆը, ըմբոստներուն վրայ «մեծ յարձակում մը» խոստացաւ:
Մայրաքաղաքէն արեւմուտք գտնուող Զաուիա քաղաքին մէջ ըմբոստները կը շարունակեն գրաւած պահել կարգ մը թաղամասեր, իսկ Թրիփոլիէն 200 քիլոմեթր հեռու գտնուող Միսրաթան կը շարունակէ մնալ ըմբոստներուն հակակշիռին տակ: Լիպիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք եւ ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազիի մէջ, Ուրբաթ օր 15 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան՝ աշխարհին յղելով հետեւեալ կոչը. «Օգնեցէք մեզի, որ ժողովրդավարական երկիր մը ըլլանք»։
Եւրոպական Միութիւնը Ուրբաթ օր Լիպիոյ հարցով արտակարգ ժողովը մը գումարելէ ետք յայտարարեց, որ Լիպիոյ դէմ զինուորական որեւէ քայլ պէտք է արաբական եւ միջազգային զօրակցութիւն վայելէ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիպիոյ ըմբոստներուն հետ ուղղակի կապի մէջ է։