
– Պահրէյնի թագաւորական պալատին մօտերը, տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Ուրբաթ, Մարտ 11ին բախում մը ունեցան ոստիկանութեան հետ: Կառավարութիւնը մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր շիի գործիչները կառավարական կառոյցներու մօտ հաւաքներ կատարելէ՝ նման ցոյցեր «ապօրինի» որակելով:
– Քուէյթի մէջ ոստիկանութիւնը Ուրբաթ օր արցունքաբեր նիւթեր օգտագործեց ցրուելու համար փոքր ու խաղաղ ցոյց մը, որ կազմակերպուած էր որեւէ երկիրի քաղաքացիութիւն չունեցող քոչուոր արաբներու կողմէ, յաւելեալ իրաւունքներ պահանջելու նպատակով: Անոնք անցեալ ամիս ոստիկանութեան հետ բախում ունեցան, երբ քաղաքացիութիւն, ձրի կրթութիւն, ձրի առողջապահական հոգատարութիւն եւ աշխատատեղեր պահանջող ցոյց մը կատարեցին։ Հարիւրաւոր քուէյթցիներ Երեքշաբթի օր բախում ունեցած էին ոստիկանութեան հետ։ Անոնք Քուէյթի վարչապետին հրաժարականն ու քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ կը պահանջէին։
– Սէուտական Արաբիոյ հարիւրաւոր ոստիկաններ Ուրբաթ օր Ռիատի մէջ արգելք հանդիսացան ժողովրդավարական բարեփոխումներ պահանջող բողոքի ցոյցերու։ Ոստիկանները քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ անցարգելներ հաստատեցին եւ անցորդները խուզարկեցին։ Քանի մը հարիւր ցուցարարներ Ուրբաթ օր դարձեալ ցոյց կատարած են մեծամասնութեամբ շիիներով բնակեցուցած Քաթիֆի մէջ: Հինգշաբթի օր, երկրին արեւելքը գտնուող այդ քաղաքին մէջ ոստիկաններ կրակ բացած էին՝ ցրուելու համար նման ցոյց մը։ Բախումներու ընթացքին երեք ցուցարարներ եւ ոստիկան մը վիրաւորուած էին։
– Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, ժողովրդավարական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներ Ուրբաթ օր ցոյց մը կատարեցին՝ անտեսելով ցոյց չկատարելու մասին կրօնապետներու հրամանագիրը։ Ցուցարարները «Սահմանադրութիւնը կ՛ուզենք փոխել» եւ «Ժողովրդավարութիւնը գործ է, ոչ թէ միայն խօսք», կը պոռային։
– Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Եմէնի մէջ ցոյց մը կատարեցին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի դէմ, հակառակ բարեփոխումներ կատարելու անոր խոստումներուն։ Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակիցներուն թիւը՝ շուրջ 40,000, Յունուարէն ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերուն ամէնէն մեծն էր։ Հարաւային Ատեն քաղաքին մէջ երկու ցուցարարներ վիրաւորուեցան, երբ ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար կրակ բացաւ։
– Ցուցարար մը ինքզինք հրկիզել փորձեց հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ, ուր ցուցարարներ հրապարակի մը վրայ նստացոյց կը կատարէին՝ պահանջելով տեղական վարչակազմին հեռացումը։ Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ իրաքեան այլ քաղաքներու մէջ, թէեւ մասնակիցներուն թիւը նախորդ շաբաթներուն համեմատ նուազած էր։