ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 15ին, «Մարմարա» կը գրէ, թէ Պաթմանէն Ճեւատ Սինեթ անունով հայ մը, հաշմանդամներու ի նպաստ կատարուած պետական օժանդակութենէն օգտուելու համար դիմում կատարած էր, սակայն մերժուած է, իր ազգային ինքնութեան պատճառով:
Արդարեւ, Ճեւատ Սինեթ Սեպտեմբեր 21ին դիմում կատարած էր, որպէսզի հաշմանդամներու քարտ ստանայ վարչապետարանի ընկերային ծառայութիւններու բաժինէն, բայց պաշտօնեան ըսած է, թէ Սինեթի անձնագիրին մէջ գրուած է, որ ան քրիստոնեայ է։
«Դուն հայ ես, քեզի չենք կրնար օգնել», ըսած է պաշտօնեան։ Սինեթ, ցեղապաշտ խտրականութեան այս վերաբերումին դէմ բողոքած է Պաթմանի դատախազութեան մօտ, ու դիմած է նաեւ Մարտինի վճռադատ ատեանին, ուրկէ եւս դրական արդիւնք չէ ստացած. այս պատճառով ալ ան որոշած է իր փաստաբանին միջնորդութեամբ դիմում կատարել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին։
Բացայայտօրէն խտրական նման քայլերով ինքզինք վարկաբեկող երկիր մը ինչպէ՞ս կրնայ ակնկալել, որ իր կողմէ երկրորդ դասակարգի դասուող քրիստոնեայ եւրոպացիները գրկաբաց ընդունին թուրքերը Եւրոմիութեան մէջ: Հոն հասնելու համար, Եւրոմիութիւնը «քրիստոնեաներու ակումբ» որակող Թուրքիան նախ պէտք է դադրի «իսլամներու երկիր» ըլլալէ: