
ԹՈՔԻՕ, «Ռոյթըրզ».- Ճափոնի մայրաքաղաքէն հիւսիսարեւելք գտնուող Ֆուքուշիմայի վնասուած հիւլէական կայանի մը նոր պայթումէն ետք շողարձակումի մակարդակին բարձրացումը մինչեւ Թոքիօ քաոսային վիճակ ստեղծեց Երեքշաբթի, Մարտ 15ին, երբ ժողովուրդը աճապարեց վտանգաւոր նկատուող շրջաններէն հեռանալ եւ պարենաւորուիլ։ Օտարերկրեայ դեսպանատուները իրենց անձնակազմերուն թելադրեցին հեռանալ շողարձակումէն ազդուած շրջաններէ, իսկ զբօսաշրջիկներուն՝ վերադառնալ իրենց երկիրը։ Կարգ մը ընկերութիւններ իրենց անձնակազմերուն թելադրեցին հեռանալ Թոքիոյէն։
Աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող քաղաքներէն Թոքիոյի մէջ շողարձակման ցած մակարդակներ նշմարուած էին։ Օդերեւութաբաններ յայտնեցին, որ մայրաքաղաքէն 250 քիլոմեթր հեռու գտնուող հովեր կը փչեն դէպի Թոքիոյ, սակայն օրուան ընթացքին իրենց ուղղութիւնը փոխած են։
Կառավարութիւնը կոչ ըրաւ Ֆուքուշիմայի կայանին մօտերը ապրող 140,000 բնակիչներուն, որ իենց բնակարաններուն մէջ մնան, սակայն շատերը շրջանէն հեռացան դէպի հարաւային Ճափոն:
Մինչ 6 աստիճանէն աւելի զօրաւոր յետցնցումներ շարունակուեցան Երեքշաբթի օր, իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ զոհերուն պաշտօնական թիւը 3373ի հասած է, սակայն հաւանական է, որ այդ թիւը 10,000էն աւելի ըլլայ: Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, որ Ուրբաթ օրուան երկրաշարժին ուժգնութիւնը 9 աստիճան եղած է, նախապէս հաղորդուած 8.9ին փոխարէն:
Ստեղծուած անորոշութիւնը ծանր հարուած հասցուցած է Ճափոնի բաժնետոմսերու «Նիքէյ» շուկային, որ յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով հսկայ անկում մը արձանագրեց (10.55 տոկոսով Երեքշաբթի օր), իրեն հետ վար տանելով նաեւ աշխարհի տարածքին գործող գլխաւոր սակարանները: Ճափոնի կառավարութիւնը ցարդ 280 միլիառ տոլար յատկացուցած է տնտեսութիւնը խթանելու նպատակին: