
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մարտ 18ին, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները վերապահութեամբ մօտեցան Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսայի կողմէ նոյն օրը յայտարարուած զինադադարին՝ շեշտելով, որ խօսքերէն աւելի, իրենք պիտի հետեւին Լիպիոյ իշխանութեանց արարքներուն: Զինադադարի յայտարարութենէն ետք իսկ, ըմբոստներուն ձեռքը գտնուող Միսրաթան կը շարունակէր ռմբակոծուիլ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, իր կարգին աւելցուց, թէ դէպի Պենկազի յառաջացող ուժերը պէտք է ետ քաշուին ու Լիպիոյ իշխանութեանց հետ բանակցութիւնները պէտք է աւարտին Մուամմար Քազաֆիի հեռացումով: Ըստ անոր, պէտք է պատժուին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սպանութեանց պատճառ դարձած են:
Թրիփոլիի ետքայլը հակադարձութիւն մըն էր Հինգշաբթի յետմիջօրէին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի այն որոշումին, որ Լիպիոյ վերեւը թռիչքներու արգիլեալ գօտի կը հաստատէր ու արտօնութիւն կու տար առնելու բոլոր հարկաւոր քայլերը, Լիպիոյ քաղաքացիներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով: 10 քուէներով վաւերացուած որոշումին քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացին Ռուսիա, Չինաստան, Գերմանիա, Պրազիլ եւ Հնդկաստան:
Ֆրանսա եւ Բրիտանիա արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնեն լիպիական դիրքերու վրայ յարձակելու, եթէ Քազաֆիի ուժերը մտահոգիչ քայլերու դիմեն: