
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավրութիւն կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ Հինգշաբթի, Մարտ 17ին, Ըղտըրի մէջ վառեց Նովրուզի կրակը եւ միաժամանակ շատ խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ կառավարութեան ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հասցէին: Ան պնդեց, որ ներկայ կառավարութիւնը չի փափաքիր արդարօրէն լուծել քրտական հարցը։
Հանդիսութեան ընթացքին Ապտուլլահ Օչալանի ու քրտական անջատողական կազմակերպութիւններու ի նպաստ լօզունգներ արձակուեցան։
Տեմիրթաշ յիշեցուց, որ Ըղտըրի քաղաքապետ Մեհմետ Նուրի Կունեշ 10 տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, «բայց ասիկա արգելք պիտի չըլլայ, որ վաղը տասը հազար, հարիւր հազար Կիւնեշներ մէջտեղ ելլեն», ըսաւ ան։
«Կ՛ուզենք, որ խաղաղութեան մեր ձեռքը օդին մէջ չմնայ», ըսաւ Տեմիրթաշ։ Եթէ մեր ժողովուրդը հրապարակներու վրայ իր ապագայ ազատութեան մասին կը խօսի, ասկէ դաս մը պէտք է քաղէ կառավարութիւնը։ Եթէ ժողովուրդ մը հրապարակներու վրայ կ՛ըսէ՝ «Ես այլեւս իմ մշակոյթով ու լեզուով ապրիլ կ՛ուզեմ», եթէ կ՛ըսէ՝ «Ես այլեւս արցունք ու լաց տեսնել չեմ ուզեր», կամ՝ «Եթէ ժողովրդավարութիւն չկայ, ուրիշ բան ալ չկայ», կամ՝ «Իմ կամքս բանտարկուած է Իմրալըի մէջ», այն ատեն կառավարութիւնը պէտք է ականջ տայ այս ձայնին», եզրակացուց ան։