ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած վարչակարգին տապալումին զօրակցող շարժումին երրորդ ցոյցը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 20ին, մասնակցութեամբ աւելի քան 20 հազար քաղաքացիներու, որոնք Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն քայլարշաւ մը կազմակերպեցին դէպի ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղին:
Հրաժարեալ կառավարութենէն նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն դրուատեց այդ ցոյցը՝ կոչ ընելով երիտասարդներուն, որ իրենց պայքարը շարունակեն՝ համայնքային վարչակարգը տապալելու համար: Ցուցարարները շեշտեցին, որ այս ցոյցերը ազգային եւ ժողովրդավարական զարթօնքի կրնան առաջնորդել, վերջ տալով համայնքային խտրականութեան վրայ հիմնուած վարչակարգին:
Անոնք նաեւ կոչ ըրին Լիբանանը փրկելու քաղաքացիական նոր պատերազմէ մը եւ քուէարկութեան նուազագոյն տարիքը իջեցնելու 18ի:
Ցոյցի աւարտին, երեք պահանջներ ներկայացուեցան ներքին գործոց նախարարին:
Առաջին պահանջն էր՝ լիբանանցի մայրերուն իրաւունք տալ, որ օտար քաղաքացիութիւն ունեցող անձերու հետ ամուսնացած ըլլալու պարագային, իրենց ամուսիններուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհեն, երկրորդ պահանջն էր՝ վաւերացնել քաղաքացիական ամուսնութեան օրինագիծը, իսկ երրորդը՝ դիւրացնել անձնաթուղթին մէջ նշուած յարանուանական պատկանելիութեան ջնջումը:
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ այլ շրջաններու մէջ: